ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ Լոս Անճելըս ժամանեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան՝ ընդառաջելով Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի (ՍԱՐՖ) հրաւէրին, ներկայ ըլլալու համար շարք մը ձեռնարկներու եւ հանդիպումներ ունենալու համար մեր գաղութի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Երկու առաջնորդ սրբազանները կու գային Պէյրութէն, ուր անցեալ շաբաթ մասնակցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովին։
Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ տագնապի ծանր տարիներուն, յանձնարարութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի սրբազան հօր ու գաղութի պատասխանատու մարմիններուն՝ կազմուեցաւ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը, որ համախմբեց հայկական յարանուանութեանց, բարեսիրական միութեանց ու քաղաքական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, որպէսզի բոլորին ձեռքերուն միացումով ու աշխատանքներու համակարգումով, անմիջական օգնութիւն հասցնենք Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան։
Տագնապին պայթումէն ասդին, Շահան սրբազանը երրորդ անգամն ըլլալով կ՛այցելէ Լոս Անճելըս։ Ան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ի երեկոյեան ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան նիստին, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ի երեկոյեան՝ ՍԱՐՖի կողմէ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին ի սպաստ պաշտօնական ընթրիքին՝ «Չեւի Շէյս Քաունթրի Քլապ»ին մէջ, իսկ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ի երեկոյեան, Իրանահայ միութեան սրահին մէջ ներկայ պիտի ըլլայ ժողովրդային հաւաքի մը, ուր խօսք առնելով՝ լայն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի եւ վերակառուցման երթին մասին։
Պաշտօնական այս հանդիպումներուն զուգահեռ, զոյգ առաջնորդները պիտի այցելեն ազգային վարժարաններ ու հանդիպումներ պիտի ունենան պատասխանատու մարմիններու հետ։
Նաեւ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ սրբազանին տնօրինութեամբ եւ հրաւէրով, Շահան սրբազանը Կիրակի, Դեկտեմբեր 17ին Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։