ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկը 2017ին, Արցախի մէջ իրականացուցած է շարք մը ծրագիրներ, որոնցմէ քանի մը հատը դեռ ընթացքի մէջ են:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկի գործադիր տնօրէնի օգնական Մետինա Յովհաննիսեան յայտնած է, թէ 2017ին, հիմնարկին շնորհիւ, Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքին մէջ շահագործման յանձնուած են վեց նոր բնակելի տուներ: «Բացի այդ, Առաջամուղի մէջ ընդլայնուած է նաեւ գիւղի դպրոցին շէնքը՝ աւելցած են չորս նոր դասասենեակներ», նշած է Մ. Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր՝ հիմնարկը, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Հայրենասէր» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հետ վերանորոգած է Քաշաթաղի շրջանի Հակ գիւղի դպրոցը: Հակի մէջ լուծուած է նաեւ խմելու ջուրով ապահովելու հարցը:
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկը շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է նաեւ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ. հիմնովին վերանորոգած է գիւղի հիւանդանոցը եւ Իշխանաձորի մէջ հաստատուած սուրիահայ եւ լիբանանահայ ընտանիքներու բնակարաններ:
Մ. Յովհաննիսեան նշած է, որ «Վիրաւոր ազատամարտիկներու բնակարանային ապահովման» ծրագիրին միջոցաւ այս տարուան ընթացքին վերանորոգուած է հինգ բնակարան:
Խօսելով ընթացիկ ծրագիրներուն մասին՝ Յովհաննիսեան նշած է, որ աւարտական փուլին մէջ է Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղին մէջ վիրաւոր ազատամարտիկի տան վերանորոգման աշխատանքները:
«2018 թուականին կը նախատեսենք հիմնադրամին աշխատանքները կեդրոնացնել Քաշաթաղի շրջանի հիւսիսային գիւղերու ենթակառուցուածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ շարունակել մեր մշտական ծրագիրները», նշած է Մ. Յովհաննիսեան: