ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան Կաղանդի տարեկան հաւաքոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16ին, դոկտորներ Սվեթլանա եւ Վարուժ Մինասեաններու Պըրպենքի բնակարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Մասնակցութեան սակը 40 տոլար է (ընկերակցութեան անդամներուն համար՝ 30 տոլար), ներառեալ ուտեստեղէն եւ ըմպելիներ: Հայկական երգերու եւ պարերու կողքին ծրագրուած են շարք մը հաճելի խաղեր: Կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ դիմելով events@aesa հասցէին կամ (818) 547-3372 թիւին։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aesa.org կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.