ՊԸՐՊԵՆՔ.- Թատերական «Big Bad Armo Show» շարքին 8րդը հանդիսացող՝ «Արձակուրդները՝ Տան Մէջ» (Home For The Holidays) կատակերգութեան ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Դեկտեմբեր 27-29ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Պըրպենքի «Քալընի» թատերասրահը (555 N 3rd St., Burbank, CA 91502)։
Ներկայացման հեղինակն է Լոռի Թաթուլեան, իսկ անոր կողքին դերեր պիտի ստանձնեն Մերի Պասմաճեան, Հելլէն Քալոկնոմոս, Լուտվիկ Մանուկեան, Ալեքս Մաշիքեան եւ Գէորգ Թիւթիւնճեան։
Մասնակցութեան սակը 40 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար, այցլել www.itsmyseat.com/BigBadArmo կայքէջը։