
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անգլերէնով «Ակտիւիստ» բառին թարգմանութիւնը պիտի նկատեմ գործիչը, եւ կարելի է մեր սիրելի Մինան այդպիսին որակել. իսկակա՛ն գործիչ մը մեր համայնքի, մեր ազգային իրականութեան մէջ:
Մինան կորսնցուցինք անցեալ Ուրբաթ օր, երբ ինք կորսնցուց զզուելի հիւանդութեան դէմ իր պայքարը:
Այստեղ չենք կրնար չանդրադառնալ այն փաստին, որ ազնուագոյն հոգիներու շարքին դասուող այս տիկինը, իր 71 տարուան կեանքի ընկերոջ՝ Յակոբին հետ, մինչեւ իր վերջին օրերը, ցաւ ու տկարութիւն թօթափելով՝ ներկայ եղաւ համայնքի կարեւոր ձեռնարկներուն, մասնակցեցաւ Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին, ուժ գտաւ իր մէջ՝ իրեն նման այլ անձի մը՝ Յակոբ Պաղտասարեանին, ճանապարհ դնելու դէպի յաւերժութիւն:
Այս Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերին, Գիւմրիի համար հանգանակային ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր, եւ մենք վստահ ենք, որ եթէ մինչ այդ ինք շնչէր, անպայման ներկայ պիտի ըլլար այդ ձեռնարկին եւս, որովհետեւ հայ ֆետայիի ու հայոց բանակի հերոսներու նման, Մինան «մինչեւ վերջին շունչ» պայքարելու կամքով կը գործէր ու կ՝ապրէր: Ի վերջոյ նաեւ ինք եւ Յակոբը «Շիրվանեան» անունը արձանագրած են Գիւմրիի Երիտասարդական կեդրոնի ճակատին:
Չորեքշաբթի օրուան ձեռնարկը յետաձգուեցաւ Մինայի մահուան տխուր առիթով: Յետաձգումին մասին տեղեկացնող ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին հաղորդագրութիւնը կ՛ըսէ. ««ՄԵՆՔ ԵՆՔ ԳԻՒՄՐԻՆ» յանձնախումբին կողմէ Դեկտեմբեր 6ի համար ծրագրուած Wine Tasting-ի երեկոն յետաձգուած է, Գիւմրիի Հայ կեդրոնի վերակառուցման գլխաւոր նուիրատու զոյգէն՝ Մինա Շիրվանեանի մահուան տխուր առիթով: Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները եղած են մեր կուսակցութեան ու գաղափարականին նուիրեալ հաւատաւորներ, բարոյապէս եւ նիւթապէս յարատեւօրէն զօրակիցներ»:
Մենք տակաւին կ՛անդրադառնանք Մինայի կեանքին ու գործունէութեան:
«Ասպարէզ» իր խորին ցաւակցութիւնը կը փոխանցէ Շիրվանեան ընտանիքին։
ՄԱՀԱԶԴ
ՄԻՆԱ ՇԻՐՎԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Յուլիս 29, 1928ին, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Մինա Շիրվանեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Յակոբ Շիրվանեան
Դուստրը՝ Ալիս եւ Վահագ Պետրոսեան
Զաւակը՝ Արմէն Շիրվանեան
Թոռը՝ Քրիս եւ Մելոտի Պետրոսեան եւ զաւակները՝ Քրիսթըֆըր,
Սեպասթչըն եւ Քաթրին Մինա
Թոռը՝ Շանթ Պետրոսեան
Տալը՝ Սավի եւ Ռալֆ Թիւֆէնքեան
Տագրը՝ Քոսթի եւ Մարիան Շիրվանեան
Խնամին՝ Թանիա Պետրոսեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Այգանեան, Տօնոյեան, Գրեգըրի, Գորտեան, Յակոբեան, Հանէսեան,
Գալէմքէրեան, Քիւրչեան, Մաթէոսեան, Շիրվանեան,
Թիւֆէնքեան եւ Ուոլֆ ընտանիքներն ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ACF-Shirvanian Youth Center-ին կամ Armenian Educational Foundation-ին:
Ամբողջ տասնամեակներ լսած եմ իրենց մասին եւ իսկապէս մեծ կորուստ մըն է կազմակերպութեան եւ համայնքին համար: Աստուած հոգին լուսաւորէ: