Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ինչո՞ւ սպասել այս կամ այն կազմակերպութեան կամ հաստատութեան կլոր թիւով ամեակը, անոր մասին խօսելու համար: Ամեա՞կ պէտք է նշել անմիջական ներկային մէջ սնապարծութիւն հովահարելու, հաշուեկշիռի, քննադատելու, թէ նորի սկիզբի համար:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու «Ասպարէզ» օրաթերթի 110ամեակն է, Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան 100ամեակը, Արցախեան շարժման 30ամեակը: Մեր անմիջական ներկային եւ ապագային առնչուող կացութիւններ եւ իրադարձութիւններ կան, պիտի ըլլան, որոնք իրենց վրայ պիտի կեդրոնացնեն մեր ուշադրութիւնը:
Այսօր վերականգնում եւ ապագայ սեւեռող է Արցախի երեսնամեայ երթը: Մեր ճառերուն մէջ կը սիրենք գործածել անկիւնադարձ բառը: Արցախեան ազատամարտը եւ յաջողութիւնը հազարամեակէ մը ի վեր մեր ունեցած ազգային-քաղաքական մեծ իրադարձութիւնն է. Հայաստանները փոխանակ հող կորսնցնելու հող ազատագրեցին: Ոչ բարեսիրութիւն եւ ոչ զբօսաշրջային յուզում:
Այդ մեծ իրադարձութիւնը իրականացաւ ոչ թղթէ կապարճով եւ ոչ բարձրախօսներու աղմուկով: Հայրենատիրութեան գիտակցութեամբ տոգորուած սերունդ մը գիտցաւ յանձնառութեան գինը վճարել: Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) այս ազնիւ եւ ապագայատես գիտակցութեան արժեւորման եւ որդեգրման ուղիով ընթանալու ճամբաբաժանին առջեւ կանգնած են:
Ընտրա՞նքը. հայրենատիրութիւն եւ վերադարձ, արտագաղթ եւ հայրենալքում: Հողահաւաք եւ ազգահաւաք:
Շեղբին վրայ կանգ կարելի չէ առնել, նոյնիսկ մտածելու համար:
Ամեակներու առթած-առթելիք յուզումներու կողքին, լաւ պիտի չըլլա՞ր մեր վաղուան ճամբան լուսաւորելու համար վիճակագրութիւններ կազմել, թիւ-թուանշանով: Անոնք ամբոխավարական եւ տեսաբանական ճառերուն, վերլուծումներուն եւ ընտրանքներուն բարեսիրութենէ եւ զբօսաշրջայինէ տարբեր առարկայական հիմնաւորում եւ որակ կու տան:
Կը ճշդուի, թէ իրապէս ի՞նչ կ՛ուզենք, ինչո՞ւ կ՛ուզենք, որոնք են ուզողները:
Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ հայկական ծագում ունեցողներու ո՞ր տոկոսը ինքզինք իրապէս հայ ազգի անդամ կը համարէ, պարտքի եւ իրաւունքի գիտակցութեամբ, միաժամանակ նկատի ունենալով տարիքային շերտերը:
Երբ անկարող ենք սրահ բերելու երիտասարդութիւնը որպէսզի Կոմիտաս լսէ, փոխանակ գինովներու ականջները շոյող աղմկարարութիւնը քաջալերելու, ժողովուրդը կը վերածենք ամբոխի, համոզում եւ յանձնառութիւն կը փոխարինուին ինքնախաբէութեան աղմուկով: Արցախի ազատագրական պայքարի ազգային-քաղաքական նոր որակ ստեղծած ելքը, բացի բարեսիրութենէ եւ զբօսաշրջութենէ ինչ գործնական հետեւանքներ ունեցաւ Հայաստանաբնակներու եւ Սփիւռք(ներ)ի ընտրանքներուն մէջ:
Տօնենք ամեակներ: Յիշենք հայկական գաւառները, անցեալի ողբերգութիւնները եւ յաջողութիւնները: Մեծամեծ ծրագիրներ մշակենք: Գիրքեր գրենք, ցոյցեր կազմակերպենք, գեղարուեստական կամ քարոզչական ժապաւէններ պատրաստենք, գիտաժողովներ հրաւիրենք եւ հրաւիրուինք: Բայց պիտի ըսե՞նք ինչպէս աշխարհի մէջ տարտղնուած հայերը պիտի վերադառնան եւ տէր պիտի ըլլան հող-հայրենիքին: Ազգահաւաք՝ որ կը փրկէ հողը եւ համրանը:
28 Փետրուար 2008ին գրուած յօդուածով մը անդրադարձած եմ «Խորհրդային Հայաստան» թերթին մէջ, 18 Հոկտեմբեր 1989ին, լոյս տեսած ուշագրաւ յօդուածի մը, «Առեղծուա՞ծ, Ոչ, Զաւթուած Հողեր» խորագիրով:
Յօդուածագիրը՝ Ս. Վարդանեան, չէր խօսած ոչ բռնագրուած Հայաստանի եւ ոչ ալ Արցախի մասին, այլ՝ Խ. Հայաստանի: Կրկին կը մէջբերեմ ըսուածը. «1927ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը եղել է 30,247.6 քառ.քմ., ապա այժմ այն 29,242.5 քառ.քմ. է»..:
Ուրեմն 1185.1 քառ.քմ. հող կորսուած է, առանց պատերազմի, առանց թնդանօթի, առանց ժողովներու:
Եթէ Ս. Վարդանեան դեռ կ՛ապրի, զինք պէտք է հրաւիրել որ հրապարակէ տուեալները, մասնակցի խորհրդարանի լսումներուն, խօսի բեմերէն: Թուաբանական պարզ հաշիւով, անհետացած է շուրջ 32 ք.մ լայնքով եւ 32 ք.մ. երկայնքով տարածութիւն:
Ուրեմն 1927ի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի 2.5 տոկոսը անհետացած է: Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ:
Ինչո՞ւ չէ խօսուած այդ մասին եւ չի խօսուիր այսօր:
Այս հարցն ալ ամեակ է, Պրազիլի կամ Չինաստանի համար մանրուք: Իսկ այդ մանրուքը այդպէս ալ չէ Հայաստանի համար:
1927-2017… Այս ալ պատասխան սպասող ամեակ է, առանց ենթակայական ճառի եւ յուզումնախառն ժողովներու:
Ս. Վարդանեանի հաստատումները պաշտօնական «Խորհրդային Հայաստան» թերթին մէջ եթէ ըսուած են, ունեցած են հիմնաւորումներ, որոնք տեղ մը արձանագրուած են:
Ա՞յս ալ արձանագրենք պատմութեան շահ վնասի տոմարին մէջ: Յուշարձաններու պաշտպանութեան չափ հոգածութեան առարկայ չի՞ կրնար ըլլալ Հանրապետութեան տարածքի 2.5 տոկոսը:
Այս չարագործութիւնը, որուն համար օսմանցիին դէմ կրակ չենք կրնար ժայթքել, ինչպէ՞ս պատահած է: ինչո՞ւ անտես մնացած է: Անտես կը մնայ:
Առանց գոհանալու ամեակներու գիտութեան եւ ինքնագոհութեան դղրդոցով, կը բացուի՞ այս թղթածրարը բարի դրացնութեան եւ իրաւունքի ազնիւ սկզբունքներու հետեւելով:
20 Նոյեմբեր 2017
Նուազի-լը-Կրան
(Ստորեւ այս հարցին առնչուող շուրջ տասը տարի առաջ գրած յօդուածս)
Եթէ հանում-գումարումի պարզ գործողութիւն մը ընենք, կը տեսնենք, որ 505.1 քառ.քմ. տարածութեամբ հող կորսուած է: Գաղափար մը ունենալու համար ըսենք, թէ այդ կը ներկայացնէ քսան քիլոմեթր լայնքով եւ քսանհինգ քիլոմեթր երկայնքով հողամաս մը: Հայաստան ծովեզերեայ երկիր չէ, հետեւաբար այդ տարածութիւնը ջուրով չէ ծածկուած, բեւեռներու սառոյցներու ջուրերը չեն հասած հոն, ովկիանոսի մակերեսի բարձրացման հետեւանքով: Հայաստանի Հանրապետութեան հողամասի 1.73 տոկոս յանկարծ կորսուած է: Յանկա՞րծ… Ո՞վ թոյլ տուած է, որ խորհրդային ոստիկանական վարչաձեւի տակ այդպէս կրծեն հայոց արդէն բզքտուած հողը: Վերանկախացումէն ետք չէ՞ գտնուած քաղաքական գործիչ մը, որ մէկդի դնելով զանազան կուրսեր եւ խարխափումներու հունով ընթացող պրագմատիզմներ, արծարծէ այս խնդիրը, առաջին հերթին լուսաբանուելու եւ լուսաբանելու համար, եւ ապա գտնելու պատշաճ լուծում: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի 1,73 տոկոսի անհետացումը, օր մը, տեղ մը, օրակարգ եղա՞ծ է: Տեղ մը, թղթածրարի մը մէջ, արձանագրուա՞ծ է: Կրնա՞նք հասկնալ, թէ ուր գացած են այդ տարածութիւնները…
Ուրեմն, Ստալինի օրերուն եւ անկէ վերջ, Մոսկուայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը վարձատրուած է ամէն օր պատառ մը փրցնելով այն քիչէն որուն համար կ՛ըսուէր թէ փրկուած էր: Տարօրինակ է, որ Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնները, ոչ ալ քաղաքական տարբեր կազմակերպութիւնները, չեն խօսիր այս մասին: Այս հարցի թղթածրարը հարկ է հրապարակել, նախ՝ հրապարակել: Հայաստանի Հանրապետութեան հողամասը նուազած է, եւ ոչ ոք ուզած է այդ մասին տեղեակ պահել ժողովուրդը, որ իրաւատէր է: Կայ նաեւ խնդրին միւս երեսը: Օրին, Խորհրդային Հայաստան թերթին մէջ, 18 Հոկտեմբեր 1989ին լոյս տեսած գրութիւնը կարդացած ըլլալու են նաեւ մեծ թիւով հայեր, այսինքն՝ ժողովուրդը, ան ինչո՞ւ չէ հետաքրքրուած եւ տէր չէ կանգնած հայրենիքի բեկորներուն: Հարց է, թէ վաղը տէ՞ր պիտի կանգնի, թէ այդ կորուստները պիտի արձանագրէ նպարավաճառի շահ-վնասի տոմարին մէջ: Առօրեայի մտմտուքով կ՛ապրինք, երբեմն ալ մեծ երազներով, բայց չենք տեսներ թէ ինչե՜ր պատահած են եւ կը պատահին: Ինչ որ ըսուած է եւ կը յիշեցնենք, մանրուք չէ, մեզ խանդավառող Արցախի մէկ տասներորդն է: Եթէ տիրութիւն չընենք մանրուք համարուածին, կը վտանգենք ամբողջութիւնը:
Շատ զբաղեցանք սննդամթերքով, դեղերով, մանկական կամ ազգագրական երգչախումբերով, սրահներ յուզեցինք, բայց քիչ խօսեցանք եւ քիչ կը խօսինք հայրենի հողի եւ անոր տիրութեան մասին: Տիրոջ գիտակցութեան կորուստի հետեւանք եղաւ աղէտ-արտագաղթը, որ դեռ չէ կասած, մարդիկ, որոնք Խաղաղականի ափին նստած ցոյց կ՛ընեն ոչ թէ հայրենիքի համար, այլ այս կամ այն նախագահական թեկնածուի:
Նոյն լռութիւնը կը շրջապատէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական կառոյցներու տիրութեան խնդիրը: Պիտի հրապարակուի՞ տեղեկագիր մը, ըսելու համար, թէ անոնց ո՞ր տոկոսը հայաստանեան հակակիշռին տակ է, մանաւանդ անոնք, որոնք ունին ռազմավարական նշանակութիւն, ոսկիի, պղինձի, մոլիպտենի, եւ այլ յարգի հանքերէն մինչեւ ելեկտրակայանները, կապի միջոցները, նաւթի եւ կազի առուծախը:
Եթէ բարերար ցնցում մը չպատահի, ընտրութիւններու աղմուկ-իրարանցումէն վեր, անդին, օր մը պիտի անդրադառնանք, մենք կամ մեր յաջորդները, որ մնացած է տեսակ մը իշխանապետութիւն, ուր ծագումով հայեր ժամանակ մըն ալ այցի կ՛երթան հայրենասիրական անվաղորդայն սէրերով ու կարօտներով:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է ընտրապայքար՝ նախագահ ընտրելու համար: Չգտնուեցաւ թեկնածու մը կամ ընտրող մը որ յիշէ եւ արծարծէ Սերգէյ Վարդանեանի «1927ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը եղել է 30,247.6 քառ.քմ., ապա այժմ այն 29,242.5 քառ.քմ. է»… հաստատումով դրուած սուր հարցը: Գիտէք, յաճախ կը կրկնեմ, որ թիւերու լեզուն վիճելի չէ:
Հարց, զոր հաշտեցման ինքնակոչիկներ, տնտեսագէտներ, տեսաբաններ եւ բախտախնդիրներ մանրուք կրնան համարել: Բայց անկա քսան քիլոմեթր լայնքով եւ քսանհինգ քիլոմեթր երկայնքով հողամաս մըն է, որուն շրջագիծը իննիսուն քիլոմեթր է:
Պէյրութէն Այնճար երթուդարձի չափով ճանապարհ…
28 Փետրուար 2008