ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայրենադարձութեան մասին է խօսքը: Պետութեամբ ու սփիւռքեան կազմակերպ ուժերով չենք կրցած վերադարձի՝ հայրենադարձութեան, համապարփակ ծրագիր մը մշակել:
Նման առաջադրանքով ճամբայ ելլելը կրնայ յուսահատեցնող ըլլալ: Վստահաբար կարելի չէ «համապարփակ» ծրագիր մշակել: Բայց մենք պէտք է այդ մասին մտածելու սկսէինք անկախութեան առաջին իսկ տարիներուն: Չմտածեցի՛նք: Հիմա ալ ուշ չէ, աւելի ճիշդ՝ ո՛ւշ է, բայց՝ տակաւին անհրաժեշտ:
Երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունումը առաջին կարեւոր քայլն էր վերադարձի ճանապարհին: Կարեւոր, բայց տակաւին շա՛տ անբաւարար: Անցեալ երկու տարիներուն, տարեկան 7000 հոգի օգտուած է երկքաղաքացիութեան օրէնքէն:
Այսօր կ՛ուզենք անդրադառնալ վերադարձը դիւրացնող կարգադրութեան մը, որ կը պահանջէ առնուազն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական քաղաքական ճնշում՝ Քոնկրեսի մակարդակով «մետիքէր»ի վերաբերեալ օրինագիծ մը որդեգրելու: Խօսքը յատկապէս թոշակառուներու մասին է, որոնք պիտի ուզէին հայրենիքի մէջ անցընել իրենց մնացեալ օրերը:
Արդարեւ, Հայաստանի մէջ Ամերիկայի համեմատ ապրուստի նուազ սղութեան նկատառումներով, շատ թոշակառուներ, բացի հայրենասիրական դրդումներէ՝ արժանապատիւ կեանք ապահովելու համար պիտի փափաքէին Հայաստան հաստատուիլ:
Տարեց ամերիկահայերու հայրենիք հաստատուելու փափաքին իրականացումը դժուարացնող ազդակներէն մէկը առողջապահական խնդիրն է: Բժշկական որակաւոր եւ մատչելի խնամք ապահովելու խնդիրը կրնայ շատերու համար տարհամոզիչ պատճառ ըլլալ: Որակաւոր խնամքի հարցը, կարծես, լուծման ընթացքի մէջ է. օրէ օր կը բարելաւուին հիւանդանոցներուն տրամադրած ծառայութիւնները: Ամերիկահայ թոշակառուն այստեղ իր բժշկական խնամքը կ՛ապահովէ «մետիքէր»ով: Հայաստան փոխադրուելու պարագային, ներկայ դրութեամբ ան չի կրնար «մետիքէր»ի յատկացումներէն օգտուիլ: Պէտք է Քոնկրեսը համոզել, թէ «մետիքէր»ի յատկացումները Հայաստան փոխադրուողներուն տրամադրելի դարձնելով՝ ամերիկեան պիւտճէն կը շահի, հսկայական խնայողութիւն ապահովելով:
Հայաստանը ծերունիներով լեցնելով՝ երկիրը կը զօրացնե՞նք: Անկասկած այո՛: Թոշակառուները խնամքի կարիք ունին. նուազագոյնը՝ առողջապահութեան ու խնամատարութեան ոլորտէն ներս գործի կարելիութիւնները բաւական կը մեծնան: Թոշակառուներու հարազատներուն յաճախակի այցելութիւններով յաւելեալ թափ կը ստանայ նաեւ զբօսաշրջութիւնը:
Յամենայնդէպս, ասիկա շատ մասնակի հարց մըն է «համապարփակ»ին հասնելու ճանապարհին:
Excellent idea!