ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Հայաստանի կառավարութեան Նոյեմբեր 30ի նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուեցաւ որոշման մը նախագիծը, որուն համաձայն՝ Երեւանի մէջ 974 միլիոն 724 հազար դրամով ձեռք պիտի բերուի 76 բնակարան եւ 525 միլիոն 276 հազար դրամ արժէքով Հայաստանի մարզերու մէջ 147 ընտանիքի պիտի տրամադրուին բնակարաններու գնման վկայագիրներ:
Այս գումարները գոյացած են ոստիկանութեան կողմէ հաւաքուած տուգանքներէ:
Այս որոշումը ընդունելով կ՛ակնկալուի, որ հաշուառման մէջ գտնուող զոհուած (մահացած) եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զինուորներու բնակարանի կարիք ունեցող 2000 ընտանիքներէն 2017ին անհատոյց պետական աջակցութիւն եւ բնակարաններ պիտի տրամադրուին 223 ընտանիքներու:
Յիշեցնենք, որ 20 Ապրիլին, նախագահ Սեփրժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու հարցը վերջնականապէս պէտք է լուծուի ամէնէն ուշը մինչեւ 2019ի աւարտը:
Այնուհետեւ՝ Յունիսին 28ին, Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ դրամական նոր աղբիւրներու շնորհիւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամ զինուորներու՝ բնակարանի կարիք ունեցող ընտանիքներուն բնակարան տալու ծրագիրը 3 տարուան փոխարէն պիտի աւարտի մինչեւ 2017ի տարեվերջ:
Կառավարութիւնը, ուսումնասիրելով ֆինանսաւորման հնարաւորութիւնները՝ որոշած էր ճանապարհային խախտումներէն գանձուող գումարներուն մէկ մասը (1 միլիառ դրամ) ուղղել այս հարցի լուծման նպատակին: