ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախարարը շատ կարճ ժամանակուան մէջ (հազիւ մէկ օր) հասցուց մամլոյ ասուլիս տալ՝ Լոս Անճելըսի հայկական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու մասնակցութեամբ, ապա հանդիպիլ համայնքին մէջ գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ հրապարակային ելոյթ ունենալ՝ առիթ տալով ներկաներուն հարցումներ ուղղելու:
Մամլոյ ասուլիսի եւ իր միւս ելոյթներուն ընթացքին, պաշտպանութեան նախարարը ցուցաբերեց տիրապետում իր ղեկավարած կառոյցի բոլոր մանրամասնութիւններուն: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ յատկապէս իր լաւ պատրաստուած եւ ներկայացուած հրապարակային զեկոյցն ու հարց-պատասխանի ընթացքին իր տուած սպառիչ բացատրութիւնները ամրացուցին ունկնդիրներուն հաւատքը Հայոց Բանակին առաւել հզօրացման կարելիութեանց հանդէպ:
Նախարարը կարծես նոյնիսկ հմայեց ներկաները, որոնք իրենց գնահատանքը արտայայտեցին ձեռնարկի աւարտին յոտնկայս ծափահարութիւններով:
Ամերիկահայութիւնը ընդհանրապէս կարիքը ունի Հայոց Բանակին հանդէպ իր վստահութիւնը ամրացնելու: Տխո՛ւր փաստ էր՝ նախարարին կողմէ ներկայացուած (բայց իր կողմէ երբեք չկարեւորուած, հաւանաբար՝ մեզ չվիրաւորելու համար), որ Հայոց Բանակի զոհերու ընտանիքներուն օգնելու հիմնադրամին ամերիկահայութեան ներդրումը ծիծաղելիօրէ՛ն քիչ էր (ամբողջ Ամերիկայէն՝ 370 տոլար):
Այս վիճակի գիտակցութենէն մեկնած էր իմ հարցումս նախարարին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, թէ՝ ինչո՞ւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր կրած կորուստներուն պատասխանատուները յայտնաբերելու քննութիւն ու համապատասխան պատժական կարգադրութիւններ չեղան։
Նախարարը հարցումիս պատասխանեց՝ ըսելով, որ ուսումնասիրուած են պատերազմին հետ կապուած հարցերը, եւ անհրաժեշտ դասերը քաղուած են: Նախարարին կարծիքով՝ բանակին պատասխանը ատրպէյճանական յարձակումին պատշա՛ճ էր, եւ կարելի էր նոյնիսկ աւելի ուժգին հարուած տալ թշնամիին, սակայն քաղաքական նկատառումներով զսպուածութիւն ցոյց տրուեցաւ:
Այս պատասխանը, անշուշտ, չէր կրնար բաւարարել գոնէ զիս, որովհետեւ ընդհանրապէս այսպիսի պարագաներու, երբ մեծ ու թանկագին զոհեր եղած են, կարելի չէ անոնց կորուստի պատասխանատուութեան հարցը չքննել համապատասխան խի՛ստ տնօրինումներով: Վստահութեան ամրապնդման համար, բանակի եւ ընդհանրապէս պետութեան միջոցները իւրացնողներուն հանդէպ աչք փակելու եւ զանոնք հանդուրժելու վարքագիծը պէտք է կտրականապէ՛ս մերժուի:
If it really is only $370 from the entire USA then what happened to the roughly $200,000 raised by “Support Armenia” fund (for the families of wounded or killed soldiers) during their last year’s telethon, under the leadership of Mr. Hovik Zirakian?
Պարոն Նախարարին յայտնեցի որ պատրաստ եմ Հայաստան մեկնիլ եւ հոն զոհուած տղից եւ ողջերուն ծնողներուն «2016-ի Քառօրեայ Պատերազմը եւ Մեր «Երեխայ» Հերոսները» գիրքէս օրինակ մը յանձնել անոնց ցաւը քիչ մը թեթեւցնելու համար: Ըսաւ որ, պէտք է կազմակերպել: Եթէ ուզէք դժուար չէ, պատասխանեցի: Տեսնենք ի’նչ դուրս կուգայ: