ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Իտալական «Աժենսիա Նովա» լրատու գործակալութեան հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկեր Նոյեմբեր 16ին յայտնած է, թէ ներկայ հանգրուանին ջանքերը պէտք է կեդրոնացնել Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը իր հունին մէջ մտցնելու աշխատանքին վրայ՝ շեշտելով. «Անհրաժեշտ է վերականգնել հայ-ատրպէյճանական՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը»:
Ան նշած է, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի կատարած աշխատանքը կարեւոր նշանակութիւն ունի հակամարտութեան վատթարացումը կանխելու առումով, եւ ցաւ յայտնած է, թէ տակաւին Արցախի հակամարտութեան կողմերը վերջնական լուծումի մը հասնելու լուրջ բանակցութեանց չեն սկսած։
«Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿի) աշխատանքը կը կայանայ այս գործընթացը վերահսկելու, այլ ոչ թէ հակամարտութիւնը կարգաւորելուն մէջ: Կարգաւորման պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հակամարտող կողմերուն վրայ», եզրակացուցած է ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարը։
Այն ատեն դեռ շատ ջուր կը հոսի կամուրջին տակէն: