ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2017ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի մէջ արտադրուած է 14,629 թոն պահածոյ, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած է 32.6 տոկոսով:
Նոյն ժամանակահատուածին, արտադրուած է 7,313 թոն բանջարեղէնի պահածոյ՝ նախորդ տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն արձանագրուած 4,177 թոնի դիմաց (75.1 տոկոս աճ):
Այս տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին արտադրուած միրգերու պահածոները կազմած են 3,927 թոն՝ 2016ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճելով 17.8 տոկոսով, 206.9 թոն՝ ձուկի (աճը 76.2 տոկոս), 16.5 թոն՝ խեցգետնի (81.4 տոկոսի անկում), 597.9 թոն՝ մսաբուսական (նուազում՝ 31.3 տոկոս), 319.2 թոն՝ միսի (անկումը՝ 27.5 տոկոս) պահածոները:
Նշուած ժամանակահատուածին արտադրուած է նաեւ 2,247 թոն լոլիկի պահածոյ, ինչ որ նախորդ տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն հետ համեմատած՝ աճած է 12 տոկոսով: