ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Նոյեմբեր 15ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Մոսկուա:
Ծրագրուած է, որ նախագահ Սարգսեան պիտի հանդիպի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննարկելու համար հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմ միջպետական կապերու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող հարցեր: Երկու նախագահները պիտի անդրադառնան նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային արդի հարցերուն:
Նախագահները Մոսկուայի Տրետեակովեան պատկերասրահին մէջ պիտի մասնակցին «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակութային օրեր» ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Ցուցահանդէսը նուիրուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 20ամեակին: