ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) դիմաց դասադուլ յայտարարած ուսանողները անցան նստացոյցի: Քանի մը տասնեակ ուսանողներ նստեցան ԵՊՀ շէնքերէն մէկուն դիմաց: Անոնց միացան նաեւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շուրջ երեք տասնեակ ուսանողներ:
Նստացոյցը զօրակցութեան արտայայտութիւն էր Երեքշաբթի, 14 Նոյեմբերին հացադուլ յայտարարած 5 ուսանողներուն, որոնք նոյն օրը առաւօտուն Կիրառական ուսողութեան բաժանմունքի լսարաններէն մէկուն մէջ հացադուլ յայտարարած եւ փակած էին լսարանի դուռը: Հացադուլի դիմողները կը պահանջեն, որ Ազգային ժողովը կասեցնէ տարկէտման վերացման մասին օրէնքի նախագիծը:
Նշենք, որ նոյն օրը Ազգային ժողովը բուռն վէճերով աւարտեց այդ օրինագիծի քննարկումը: