ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը հրապարակած է թրքական մամուլին մէջ ատելութեան դրսեւորումներուն մասին իր նոր զեկոյցը:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին՝ զեկոյցը հասած է այն եզրակացութեան, թէ վերջին ամիսներուն ազգայնական մամուլին մէջ ամէնէն շատ յայտնուած են հրեաներն ու սուրիացի գաղթականները թիրախ դարձնող գրութիւններ։
Զեկոյցը կը նշէ նաեւ, որ 2017ի Մայիսէն մինչեւ Օգոստոս ինկած ժամանակահատուածին, թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած է ցեղային եւ կրօնական հաւաքականութեանց դէմ ատելութեան դրսեւորում պարունակող առնուազն 1910 լուր եւ յօդուած, որոնց մէջ առկայ եղած է ընդհանուր առմամբ ցեղապաշտական ու ազգայնամոլական բնոյթի 2466 արտայայտութիւն:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի՝ Մամլոյ ատելութեան դրսեւորումներու մասին նախագիծի աշխատանքային խումբին կողմէ պատրաստուած 146 էջնոց զեկոյցին մէջ, ուշադրութիւն կը հրաւիրուի այն փաստին վրայ, թէ նշեալ ամիսներուն ընթացքին մամուլին մէջ տեսնուած են հրեաները թիրախաւորող 493 հրապարակումներ, իսկ 472 գրութեանց մէջ հեղինակները ատելութեան դրսեւորումներ ցուցաբերած են սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ, 256 յօդուած կամ լուր բացասական շեշտադրումով անդրադարձած է Յունաստանի յոյներուն, մինչ հայերը թիրախաւորուած են 247 հրապարակումներու մէջ, եւ 212 յօդուած կամ լուր ատելութեամբ խօսած է Թուրքիոյ յոյներուն մասին:
Ամէնէն շատ ատելութեան դրսեւորումները տպուած են «Ենի Աքըթ», «Միլլի Կազեթէ», «Ենի Մեսաժ», «Ենի Քոնիա», «Իսթիքլալ» եւ «Պուրսա Սանճաք» թերթերուն մէջ: