ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսոյ մէջ թրքերէնով հրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ քահանայ Ներսէս Բաբայեանի օրագրութիւնը՝ խմբագրութեամբ թուրք պատմաբան Ումիթ Քիւրթի։ Հատորը տպուած է պատմութեան հիմնարկի «Եուրթ» հրատարակչատան կողմէ, կը տեղեկացնէ «Ակօս» թերթը:
Հատորին մէջ Բաբայեան կը պատմէ հայերու անհիմն ձերբակալութիւններուն, հայկական թաղամասերու մէջ կազմակերպուած խմբային յարձակումներուն եւ տեղւոյն հայութեան դիմագրաւած կոտորածներուն ու բռնի աքսորին մասին:
Գիրքի կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ մինչեւ 1922 Այնթապ ապրած հայ քահանան լոյս կը սփռէ 1918ին Այնթապ վերադարձած հայերուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական զօրքին կողմէ քաղաքի գրաւումէն ետք՝ թրքական բանակին դէմ մղուած պայքարին վրայ։
Քիւրթ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ թէեւ ֆրանսական զօրքին Այնթապ մուտք գործելէն ետք հայերը փորձած են մղուող պատերազմին մէջ համեմատաբար չէզոք դիրք պահպանել, սակայն ի վերջոյ լուրջ աջակցութիւն ցուցաբերած են ֆրանսացիներուն, որուն շնորհիւ ֆրանսական բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել Այնթապի զգալի մասը, թէեւ տեղւոյն հայերուն ունեցած ակնկալիքները ֆրանսացիներէն երբե՛ք չարդարացան: