ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային ճամբուն Հայաստանի միացումը կարելի է միա՛յն Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք. Նոյեմբեր 2ին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով՝ ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան:
Յիշեցնենք, որ Ջաւախքէն քաղաքական-հասարակական գործիչ Վահագն Չախալեան յայտարարած էր, թէ որեւէ օրինական արգելք չկայ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիով հայկական բեռներու տեղափոխման դէմ, մինչ վրացի փորձագէտ Կելա Վասածէ յայտնած էր, թէ վրացական իշխանութիւնները չեն կրնար միջնորդել, որ Հայաստան օգտուի այս երկաթագիծէն՝ աւելցնելով, որ այդ հարցը միա՛յն Պաքու-Երեւան բանակցութեանց միջոցաւ կրնայ լուծուի։