ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան 2018ին, Եւրոպական Միութենէն եւ եւրոպական կառոյցներէ 70 միլիոն եուրօ աջակցութիւն պիտի ստանայ՝ դրամաշնորհներու եւ վարկային միջոցներու ձեւով. Ազգային ժողովին մէջ 2018ի ամավարկի նախագիծի քննարկման ընթացքին այս մասին յայտնած է ՀՀ ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ Ատոմ Ջանջուղազեան: «Այդ գումարին մէկ մասը՝ 11.5 միլիոն եուրօ, ամավարկային աջակցութիւն է, իսկ 58.5 միլիոն եուրօն վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներ են», ընդգծած է Ջանջուղազեան:
Ան աւելցուցած է, որ այս վերջին 58.5 միլիոն եուրոյէն 25 միլիոնը դրամաշնորհային աջակցութիւն է, մնացածը՝ վարկային միջոցներ, որոնք պիտի ուղղուին տարբեր ծրագիրներու իրականացման:
Ընդհանուր առմամբ, Հայաստան Եւրոմիութենէն աջակցութիւն պիտի ստանայ 15 վարկային եւ 14 դրամաշնորհային ծրագիրներու շրջագիծէ ներս: