ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երկու ժողովուրդներու՝ անկախ, ինքնուրոյն ապրելու կամքը, այսօր կ՛ոտնակոխուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:
Իրապաշտ, խելօք քաղաքագէտները ի սկզբանէ նախատեսած էին, որ թէ՛ քիւրտերու եւ թէ քաթալաններու ազատ ու ինքնիշխան ապրելու ցանկութիւնը պիտի ճզմուի՝ տարածաշրջանային ու միջազգային շահերէ մեկնած հաշուարկներով:
Մէկ կողմէ՝ Մերձաւոր Արեւելքի անհաւանական դաշինքներ, միւս կողմէ՝ սեփական արժէքային համակարգը անտեսելու եւրոպական միտում, ու ահա՛ երկու ազգային հաւաքականութիւններ, որոնք միջազգային օրէնքներու հիմամբ շարժելով՝ իրենց կամքը քուէով արտայայտեցին, իսկ այսօր կանգնած են մինակ՝ քաղաքական ու ռազմական ահաւոր ճնշումներ դիմագրաւելով:
Ազգային իղձերու կատարման պայքարը ընդհանրապէս հաշուարկներով, իրատեսական ճանապարհներու որոնման ուղիներով յառաջ տանիլը ցանկալի կրնայ ըլլալ, սակայն մարդկութեան պատմութեան զարգացումը դժուար կրնայ պատկերացուիլ, եթէ նման հաշուարկներով եւ ուղիներով պայմանաւորուէին ազգային ազատագրական պայքարները:
Որեւէ ազգի ազատագրական տենչերուն հանդէպ անտարբեր չենք կրնար ըլլալ մանաւա՛նդ մենք՝ հայերս, յատկապէս՝ դաշնակցականներս: Մեր ազգային ձգտումները անցեալին մեզ հակադրած են այնպիսի հզօր տէրութիւններու, ինչպիսին էին ցարական Ռուսիան, օսմանեան Թուրքիան, Խորհրդային Միութիւնը եւ անոր հովանաւորած Ատրպէյճանը, իսկ այսօր՝ ՆԱԹՕի թեւին տակ ահարկու ռազմական հնարաւորութիւն ունեցող Թուրքիան: Ուրեմն, ի՛նչ իրապաշտ հաշուարկ կրնար մեզ առաջնորդել մեր այսօրուան անկախ Հայաստանի ու Արցախի իրականութեան, եւ ի՛նչ հաշուարկով մենք պէտք է առաջնորդուինք մեր հայրենի բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու պայքարին մէջ:
Միա՛յն երազը իրականութիւն տեսնելու վճռականութեան ճամբան է՝ իր բոլո՛ր հաւանական ցաւագին հետեւանքներով:
Յիշենք Խրիմեան Հայրիկի խօսքը: Երկաթէ շերեփով Արցախ կրցաւ ինքզինք պարտադրել եւ պահանջել այն ինչ որ օրինական ճամբաներով ուրիշներ փորձեցին եւ ձախողեցան: Ամբողջ ազգ մը ոտքի ելաւ եւ յաղթեց, այո յաղթեց: Այլապէս ո՞ւր կ’ըլլայինք: Միայն զէնքով (ուժի ցուցադրութեամբ) կայ իրաւունք փոքր ազգերու համար: