ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ցաւով կը գուժէ շրջանիս վաստակաւոր ընկերներէն Բաբգէն Սասունիի մահը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր, 2017ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Պատասխանատու պաշտօններ վարած ընկեր Սասունի մեծ վաստակ ունի համայնքիս կազմակերպման մէջ:
Կեդրոնական Կոմիտէն իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ընկեր Սասունիի ընտանիքին եւ իր գաղափարակից ընկերներուն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՄԱՀԱԶԴ
ՄԱՀԱԶԴ- ԲԱԲԳԷՆ ՍԱՍՈՒՆԻ
(Ծնեալ՝ 1929ին, Ֆրանսա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Բաբգէն Սասունիի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2017ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church (կարմիր եկեղեցի) մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Մարալ Սասունի
Կարօ եւ Պերնատէթ Սասունի
եւ զաւակը՝ Արմէն
Գէւօ Սասունի
Եղբօր կինը՝ Հանրիէթ Սասունի (Փիթցպըրկ)
Եղբօր զաւակները՝ Աննուկ Ասրեան եւ զաւակը՝ Ճորճ
Քրիս եւ Քարոլ Սասունի եւ զաւակները՝ Միշէլ եւ Քրիս (Ֆլորիտա)
Նատիա Սասունի
Հելէն Սասունի (Փիթցպըրկ)
Քենին՝ Գարմէն Տէր Կարապետեան
Եւ համայն Սասունի, Մեծատուրեան, Ծովիկեան ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՅԴին, Համազգայինին կամ Լիբանանի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին։