ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, ծիծաղի եւ դաշնակի երաժշտութեան իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի հռչակաւոր «Քամըտի Սթոր»ին մէջ, մասնակցութեամբ երեք հայ կատակաբաններու՝ Մայքըլ Փաշանի, Արա Պասիլի եւ անգլիահայ դաշնակահար ու կատակաբան Գեւ Օրգեանի, որոնք 2014էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով միասնաբար բեմ պիտի բարձրանան։
Ձեռնարկը պիտի ճոխացնէ նաեւ «DJ Hye FX»ը:
«3 Արմոզ» անունով մկրտուած ձեռնարկի տոմսերուն արժէքը 30 տոլար է, իսկ մասնակիցները պէտք է 21 տարիքը բոլորած ըլլան:
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/events/170806.html կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել basil@thebaze.com հասցէին։
«Քամըտի Սթոր»ի հասցէն է՝ 8433 Sunset Blvd., Los Angeles, CA 90069: