ՄՈՍԿՈՒԱ.- Իրաքեան Քիւրտիստանի եւ Պաղտատի միջեւ վիճայարոյց հարցերը պէտք է լուծուին երկխօսութեան ճանապարհով՝ միասնական պետութեան մէջ գոյակցութեան բանաձեւ մը մշակելու համար. այս մասին, Սեպտեմբեր 27ին յայտարարուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ Սեպտեմբեր 25ին Քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան հանրաքուէի իրականացման առիթով՝ ըստ ռուսական «Թասս» լրատու գործակալութեան։
«Մոսկուայի մէջ յարգանքով կը վերաբերին քիւրտերու ազգային ձգտումներուն… Իրաքի դաշնային իշխանութիւններուն եւ Քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր վիճելի հարցերը պէտք է լուծուին կառուցողական եւ յարգալից երկխօսութեան ճանապարհով, որ կոչուած է մշակելու միասնական իրաքեան պետութեան ծիրէն ներս գոյակցելու փոխընդունելի բանաձեւ: Անփոփոխ կը մնայ մեր աջակցութիւնը բարեկամ Իրաքի, Միջին Արեւելքի միւս պետութիւններու ինքնիշխանութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։