«Հնագոյն պատմամշակութային վայրեր, թանգարաններ, հրաշալի բնութիւն, խոհարարական աւանդութիւններ». բացայայտե-լով Արցախը՝ կը գրէ ռուս լրագրող (blogger-պլակըր) Սերկէյ Նովիքով: Ան արդէն 5րդ անգամն ըլլալով կ՛այցելէ Ղարաբաղ: Այս անգամ ան Արցախ գտնուեցաւ Սեպտեմբերի կիսուն: Լրագրողը կը նկատէ, որ այդ շրջանին, ընդհանուր առմամբ, տակաւին ամառնային եղանակ է, իսկ լեռներուն վրայ կը սկսի ոսկի աշունը:
Անոր այս անգամուան այցելութիւնը բաւական յագեցած եղած է եւ տեւած է երեք օր՝ կտրելով հազարաւոր քիլոմեթրեր: Ան եղած է Արցախի գլխաւոր պատմամշակութային վայրերը՝ սկսած Դադիվանքէն, մինչեւ խաղողի այգիներով հարուստ Տող գիւղը:
«Այցելութիւններուս ընթացքին նկատելի էր, թէ ինչպէս կեանքը կը փոխուի: Յաճախ այդ մէկը տեղի կ՛ունենար շատ փոքր մանրամասնութիւններով: Ստեփանակերտի շուկային մէջ ղարաբաղցի դարբիններուն համար յայտնուած են մրցակիցներ Թուրքիայէն… Շուշիի Վերին մզկիթը կը վերականգնի… տասնեակ ուխտաւորներու այցելութիւնը Դադիվանք սովորական երեւոյթ է: Չեմ գիտեր ասիկա ինչի մասին կը խօսի, բայց այստեղ ճանապարհային գրառումները «այստեղ կրկին գտնուած եմ» նշումով, կ՛աւելնան», ըստ «Արմենփրէս»ի՝ յայտնած է ան:
Արցախէն վերադառնալէն ետք լրագրողը կը խոստովանի, որ իր զգացողութիւնները շատ դրական են: Ըստ անոր՝ իր գործընկերները՝ լրագրողներ Հայաստանէն, Պելոռուէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Վրաստանէն, Իտալիայէն, Լաթվիայէն, Լիթուանիայէն, նշած են, որ նոյն զգացումները ունեցած են:
«Ի՞նչ կրնամ աւելցնել. սովորաբար նման այցելութիւններ կազմակերպելու նպատակը տուեալ երկիրը, շրջանը գովազդելն է. «Մեր մօտ գեղեցիկ է, հետաքրքրական եւ անվտանգ, դուք միայն այցելեցէք»: Իմ կարծիքով՝ յետխ-որհրդային տարածքին մէջ չճանչցուած կամ մասնակի ճանչցուած երկիրներու հետ համեմատած՝ Ղարաբաղի մէջ կայ զբօսաշրջութեան զարգացման յստակ ծրագիր», ըսած է Նովիքով՝ աւելցնելով, որ այստեղ զբօսաշրջութեան նոր երթուղիներ կը մշակուին, կը կազմակերպուին միջազգային ցուցահանդէսներ, փառատօներ, կը վերականգնուին ճարտարապետական կոթողներ, կը կազմակերպուին լրագրողներու եւ պլոկըրներու այցեր։ «Մէկ խօսքով՝ լուրջ աշխատանք կը կատարուի», ընդգծած է ան: