ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Ալեն Տանքնը:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Մեծն Բրիտանիոյ հետ միջպետական յարաբերութիւնները խորացնելով:
Պետական նախարար Ալեն Տանքն նախագահին վստահեցուց, որ Մեծն Բրիտանիա նոյնպէս մեծ փափաք ունի զարգացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: Տանքն ընդգծեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան՝ երկրի տնտեսութեան զարգացման նպատակով: