ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Սեպտեմբեր 27ին, Լիբանանի Այնճար քաղաքի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի ուղեկցութեամբ հանդիպած է Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Այնճար քաղաքը Արցախի որեւէ քաղաքի հետ քոյր քաղաք յայտարարելու հարցը:
Այնուհետեւ Վարդգէս Խօշեան հանդիպած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու հետ: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Արցախի հետ Այնճար քաղաքի կապերը սերտացնելուն վերաբերեալ: