«Մեդիամաքս»ը կը տեղեկացնէ, թէ 2018ի «Օրորա» մարդասիրական մրցանակին համար կատարուած են 750 առաջադրութիւններ, որոնցմէ 509ը՝ չկրկնուած թեկնածութիւններ:
Առաջադրման փուլին ընթացքին (2017ի Մայիս 29էն Սեպտեմբեր 8) յայտեր ուղարկուած են 12 լեզուներով՝ 115 երկիրներէ, որոնց շարքին են Մացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Եգիպտոսը, Հայաստանը, Հնդկաստանը, Գերմանիան, Անգլիան, Փաքիստանը, Ուքրանիան եւ Քէնիան:
Առաջադրուած թեկնածուներու թիւը աճած է 100 տոկոսով՝ նախորդ տարուան հետ համեմատած, երբ առաջադրուած էին 254 թեկնածուներ 66 երկիրներէ:
«Այն, որ 750 անձեր ժամանակ տրամադրած եւ ներկայացուցած են մարդասիրական ոլորտին մէջ գործող 509 անհատներ, շատ յուզիչ է եւ ոգեշնչող: Այդ պարագան կը վերահաստատէ մեր հաւատքն առ այն, որ մեծարման արժանի են ուժն ու ոգին այն բացառիկ անհատներուն, որոնք երբեմն մեր փոխարէն իրենց գործողութիւններով կը վերահաստատեն եւ կը պաշտպանեն մեր ընդհանուր մարդկայնութիւնը: «Օրորա» մրցանակը երախտագիտութիւնը գործով արտայայտելու ուղի է՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այն անձնազոհ հերոսներուն, որոնք այլոց ապրելու հնարաւորութիւն կու տան: Մենք նպատակ ունինք «Օրորա»ի միջոցով ճանաչման արժանացնել մերօրեայ հերոսները», կ՛ըսէ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեան:
2018ի «Օրորա» մրցանակի թեկնածութիւնները պիտի ուղարկուին մարդասիրական ոլորտի խումբ մը գործիչներու, որոնք պիտի ուսումնասիրեն առաջադրումները եւ պիտի գնահատեն զանոնք՝ հաշուի առնելով, թէ որքանով կը համապատասխանեն «Օրորա» մրցանակի ընտրական չափանիշներուն՝ ցուցաբերուած խիզախութիւն, նուիրուածութիւն եւ ազդեցութիւն: Ընտրուած թեկնածուներու հակիրճ ցանկը պիտի ներկայացուի Ընտրող յանձնաժողովին, զոր կը գլխաւորէ օսկարակիր դերասան եւ մարդասէր գործիչ Ճորճ Քլունի:
«Համաշխարհային հրատապ մարդկային ճգնաժամերու ժամանակաշրջանին կարեւոր է, որ մենք հնարաւորութիւն ունինք ճանչնալու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու այն անհատներուն, որոնք բարի գործեր կ՛ընեն՝ բարիք գործելու մտադրութեամբ: «Օրորա»ի ամէն տարուայ յաւակնորդները ոգեշնչած են մեզ իրենց աշխատանքով եւ իրենց խօսքով: Մենք անհամբեր կը սպասենք ամբողջ աշխարհէն նոր հերոսներու պատմութիւններուն ծանօթանալուն», կ՛ըսէ «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ, Իրլանտայի նախկին նախագահ, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին յանձնակատար Մերի Ռապինսըն:
«Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամներն են՝ Նոպել մրցանակի դափնեկիրներ Օսքար Արեաս, Շիրին Էպատին եւ Լեյմա Կպովէ, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մրրի Ռապինսըն, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանի, Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախկին նախագահ եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Կարեթ Էվընզ, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էրնեսթօ Սետիլէօ, Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն, փրոֆեսէօր լորտ Տարզի, Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկութեան նախագահ Վարդան Գրեգորեան:
2017ին, «Օրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ բժիշկ Թամ Քաթինային, որ կաթոլիկ միսիոնար է Նիւ Եորք նահանգի Ամսթերտամ քաղաքէն: Ան հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկած է՝ ըլլալով Սուտանի Նուպա լեռներու տարածաշրջանի միակ մնայուն կերպով գործող վիրաբոյժը: 2016ին, «Օրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ Մարկրիթ Պարանկիցէին՝ երեխաներու արժանապատուութեան եւ յոյսի վերականգնման գործին մէջ իր նուիրուածութեան համար: Մարկրիթ Պարանկիցէ Պուրունտիի մէջ «Խաղաղութեան տան» (Maison Shalom) եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիրն է:
2018ի «Օրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի հրապարակուին 2018ի Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: 1 միլիոն տոլարի «Օրորա» մրցանակը, որ հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն կողմէ որպէս երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, երրորդ անգամն ըլլալով պիտի շնորհուի 10 Յունիս 2018ին, Հայաստանի մէջ: Դափնեկիրը մէկ միլիոն տոլարը պիտի նուիրրէ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք ոգեշնչած են զինք իր գործունէութեան ընթացքին:
Մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յատուկ ձեռնարկներու շաբթուան վերջաւորութեան: Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 8էն 10 Յունիս 2018ին: