ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Չաճապարե՛նք, հարցին զգուշութեամբ ու բծախնդրութեամբ մօտենանք, համակողմանիօրէն քննարկելու անհրաժեշտութիւն կայ… Այս բոլոր առարկութիւնները ընդհանրապէս կը ծառայեն իբրեւ քաղաքավար ընդդիմութիւն՝ հարցի մը կամ առաջարկի մը:
Այժմ մեր առջեւ Հայաստանի նախագահին իսկ կողմէ կը դրուի Համահայկական կեդրոնական խորհուրդ մը կազմելու առաջարկը, որուն նախագիծը պատրաստելու յանձնառութիւնն ալ արդէն տր-ուեցաւ վերջերս, յատուկ յանձնաժողովի մը:
Նման գաղափարի մը կարելի չէ ընդդիմանալ, բայց վերի առարկութիւնները հիմնաւոր կարելի է համարել այս պարագային:
Համահայկական կեդրոնական խորհուրդի կազմութեան, լիազօրութիւններուն, անոր մէջ Սփիւռքի ներկայութեան չափի ու ձեւի հարցերուն մասին մասնագիտական եւ նոյնիսկ կիսամասնագիտական ո՛չ մէկ աշխատանքի ծանօթ ենք: Միւս կողմէ, համահայկական համաժողովներու կամ խորհրդաժողովներու փորձառութիւնը մտավախութիւն կը ստեղծէ, թէ այս օրակարգը քննութեան պիտի չդրուի 1200 հրաւիրեալներու ու մասնակիցներու առջեւ (այդքան մասնակիցներով կարելի ալ չէ որեւէ լուրջ հարց հանգամանօրէն քննարկել), այլ անոնց պիտի հրամցուի նախագահին առաջադրանքով յանձնաժողովին պատրաստած մէկ բանաձեւը՝ առ ի ձեւական վաւերացում:
Սփիւռքի ներկայացուածութեան կանոնակարգումը կառավարական հրամանագիրով կարելի չէ իրականացնել, եւ դժբախտաբար, այս հարցը այնքա՛ն զգայուն է ու բարդ, որ անոր լուծման կոչուած որեւէ հապճեպ կարգադրութիւն կրնայ ամբողջ գաղափարը ձախողեցնելու պատճառ դառնալ:
Հասկնալի է, որ եթէ գաղափարը հասունցած կը նկատուի, ապա անոր իրականացման խոչընդոտող բարդութիւնները, բարդոյթները պէտք չէ անդամալուծող հանգամանքներ դառնան, եւ այստեղ, թերեւս պետական կտրուկ միջամտութիւն մը կրնայ արագացնել գործընթացները ու պարտադրել սփիւռքեան աւանդական ու նոր կառոյցներուն՝ համախոհութեան մը յանգիլ: Ամէնէն ցաւոտ խնդիրներէն է, օրինակ, գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ այսպէս կոչուած՝ անոնցմէ դուրս գտնուող «ազդեցիկ» անձերուն համեմատութեանց ճշդումը: Գործող կազմակերպութիւնները բնազդով կամ իրաւացիօրէն դէմ պիտի ըլլան առանձին անձնաւորութիւններու ներկայութեան, իսկ Հայաստանի կառավարութեան համար այդ անձերը կրնան նկատուիլ Սփիւռքի վրայ իբրեւ լծակներ: Յամենայնդէպս, այս արագ նկատումն ալ կրնայ անհեթեթ ըլլալ, բայց թերեւս ճաշակ մը կրնայ հրամցնել թաքնուած կամ յայտնի բարդութիւններուն մասին:
Ուրեմն, մեր խորհուրդը՝ չաճապարենք, որպէսզի չձախողի: