ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները ունին հետեւողականութիւն ե՛ւ նիւթերու, ե՛ւ կառուցակարգային խնդիրներու, ե՛ւ մասնակիցներու, ե՛ւ հետապնդած նպատակներու առումով: Հետզհետէ կը ձեւաւորուի պետական տանիքի տակ համախմբուող կազմակերպ հայութեան ներկայացուցչական դրոյթը, որ պիտի յանգի նոր կառուցակարգի: Կը կարծեմ, որ այս համաժողովը եւս պիտի կազմէ հետեւողական ռազմավարական շղթայի մէկ կարեւոր օղակը», անդրադառնալով Սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովին՝ «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց, որ մասնակիցներու թիւը, զեկոյցներու մասնագիտական որակը, տարբեր գերատեսչութիւններու ներգրաւումը ցոյց կու տան, որ անցումային շրջափուլի շեմին ենք՝ իբրեւ համահայկական հարթութիւն եւ հայկական աշխարհ:
«Նկատի ունենալով այն, որ յոբելենական տարուան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակի նախաշեմին ենք, կը կարծեմ, որ բոլոր քննարկումներու առանցքը պիտի հանդիսանայ պետականութիւնը՝ իբրեւ մեր համազգային գոյութեան կարեւորագոյն երաշխիքը: Կ՛ակնկալեմ, որ կեանքի կը կոչուի Համահայկական խորհուրդը, որուն առաջին նախադէպային փորձը փայլուն ձեւով աշխատեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգելու առումով: Համահայկական խորհուրդը անհրաժեշտութիւն է եւ անյետաձգելի հրամայական՝ իբրեւ թէ՛ հայրենական, բնականաբար, նաեւ՝ Արցախեան, թէ՛ սփիւռքեան ռազմավարական նշանակութիւն եւ համահայկական տարողունակութիւն ունեցող հիմնահարցերը համակարգելու եւ միասին աշխատելու առումով:
Կը կարծեմ, որ նախորդին նման խորհուրդը կ՛ունենայ նաեւ տարածաշրջանային խորհուրդներ կամ յանձնաժողովներ, որոնք կը համագործակցին եւ կը համադրեն իրենց ծրագիրները Համահայկական կեդրոնական խորհուրդին հետ», իր խօսքը եզրափակեց Շահան Գանտահարեան: