ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երկուշաբթի, 7 Օգոստոսին ընդունեց Global Reservers Management ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ռապըրթ Ուիթֆիլտը, որուն հետ քննարկեց Հայաստանի մէջ աղբի վերամշակման գործարանի կառուցման ներդրումային ծրագիրի իրականացման հնարաւորութիւններն ու յետագայ քայլերը:
Վարչապետը նշեց, որ թափօններու կառավարման ոլորտին մէջ, կառավարութիւնը ունի յստակ ռազմավարութիւն եւ հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ զայն: Կարէն Կարապետեան ողջունեց Հայաստանի մէջ աղբի վերամշակման ծրագիր իրականացնելու ընկերութեան շահագրգռուածութիւնը եւ յայտնեց կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւն:
Ռապըրթ Ուիթֆիլտ վարչապետին ներկայացուց իր գլխաւորած ընկերութեան գործունէութիւնը՝ աղբի վերամշակման ոլորտէն ներս: Կողմերը պայմանաւորուեցան ծրագիրի ուղղութեամբ նախնական գնահատական կազմելու նպատակով յառաջիկային իրականացնել անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ, այնուհետեւ անոնց հիման վրայ շարժիլ յառաջ: