
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի անուան լսարանի վերաբացման արարողութիւնը: Ժամանակակից սարքերով կահաւորուած լսարանը վերաբացուեցաւ «Արմենիա Վայն» ընկերութեան հետ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք:
Թաթուլ Կրպէեան 1987-1990 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ, իսկ ուսումնական չորրորդ տարուան ընթացքին միացած է հայ ազգային-ազատագրական շարժումին:
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Մխիթար Գաբրիէլեան յայտնեց, որ 21 Ապրիլին ամբողջացաւ Թաթուլ Կրպէեանի 60ամեակը:
«Նա ապրել է ընդամէնը 26 տարի, սակայն այդ 26 տարուայ կեանքը բացառիկ օրինակ է հայրենասիրութեան, նուիրումի եւ ամենակարեւորը` պատասխանատուութեան: Եթէ չլինէր այդ պատասխանատուութիւնը, ապա հայրենասիրութիւնն ու նուիրումը կը մնային լոկ դատարկ խօսքեր: Պատասխանատուութիւնն էր, որ ընդամէնը 25-26 տարեկան Թաթուլ Կրպէեանին տարաւ Գետաշէն եւ դարձրեց Գետաշէնի ու Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան հրամանատար: Այդ պատասխանատուութիւնը դրդեց նրան փրկելու հազարաւոր գետաշէնցիների կեանքեր», ըսաւ Գաբրիէլեան եւ ընդգծեց, որ Թաթուլ Կրպէեանի ոգեղէն ներկայութիւնը օգնած է եւ կը շարունակէ օգնել իւրաքանչիւրին՝ ըլլալու պատասխանատու:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան, ընդգծելով, որ Թաթուլ Կրպէեանի անուան լսարանը իր նոր տեսքով նոր բովանդակութիւն պէտք է բերէ՝ ըսաւ. «Թաթուլ Կրպէեանը բացառիկ հայրենասիրութեան օրինակ էր եւ առաջիններից մէկը, որ գնաց Գետաշէն եւ ստանձնեց տեղի սերնդին պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն դասաւանդելու գործը: Սակայն հետագայ իրադարձութիւնները դրդեցին նրան վերցնելու զէնքն ու դպրոցից անցնելու ռազմաճակատ»:


Յովհաննիսեան շեշտեց, որ անկախ ժամանակներէն, արժէքային համակարգի փոփոխութենէն` կայ Կարմիր գիծ, որ պէտք է բոլոր սերունդներուն մէջ անխախտ մնայ:
«Այդ «կարմիր գիծը» հայրենասիրութիւնն է` հայրենիքի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը. հայրենասիրութիւնն այն է, երբ իւրաքանչիւրն իր գործն է անում` առանց բարձրագոչ յայտարարութիւնների», աւելցուց Յովհաննիսեան, որ կարեւոր նկատեց «Արմենիա Վայն» ընկերութեան հետ մեկնարկած գործակցութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ընկերութիւնը աջակցած է Երեւանի պետական համալսարանի աւագ դպրոցի նոր շէնքի նախագծման աշխատանքներուն, եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այս գործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական:
Այս պարունակին մէջ Յովհաննիսեան մատնանշեց, որ համալսարանը 15էն 16 Մայիսին պիտի կազմակերպէ Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտներու ֆորումը, որ բաց է բոլոր շրջանաւարտներուն համար:
«Ֆորումը լաւ հարթակ է դառնալու հին սերնդին նոր սերնդի հետ կապելու առումով: Երիտասարդները հնարաւորութիւն կ՛ունենան ծանօթանալու հին սերնդի ձեռքբերումներին, ինչպէս նաեւ նախանշելու համագործակցութեան նոր ուղիներ: ԵՊՀ շրջանաւարտ, «Արմենիա Վայն» ընկերութեան տնօրէն, ինչպէս նաեւ Թաթուլ Կրպէեանի համակուրսեցի Վահագն Մկրտչեանի օրինակը վառ վկայութիւնն է այն բանի, թէ ինչպիսին պէտք է լինի համալսարանի շրջանաւարտը», ըսաւ Յովհաննիսեան:


«Արմենիա Վայն» ընկերութեան տնօրէն Վահագն Մկրտչեան՝ խօսելով Թաթուլ Կրպէեանի մասին, ընդգծեց, որ Թաթուլը այն անձերէն էր, որոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքը` յանուն հայրենիքի, յանուն ազգային հարցերու` «Մահ իմացեալ` անմահութիւն է» կարգախօսով:
«Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի, որ գործում է առաջին հերթին իր, իր ընտանիքի, իր ազգի համար, եւ այս լսարանի բացումը խորհրդանշում է հէնց այս գաղափարը. այստեղ պէտք է կրթուեն նոր սերունդներ, իսկ մեր ապագան որոշւում է հէնց լսարաններում», ըսաւ Մկրտչեան:
Թաթուլ Կրպէեանի դուստրը՝ Ասպրամ Կրպէեան յիշատակեց հօր սխրագործութիւններէն մէկը եւ ան պատմեց, թէ իր հայրը ինչպէ՛ս զոհուեցաւ: «1991ի Ապրիլի 30ին Խորհրդային միութեան եւ Ադրբեջանի ղեկավարների համատեղ ուժերով իրականացուեց պետական, ահաբեկչական, ցեղասպան գործողութիւն Հիւսիսային Արցախի Գետաշէնի ենթաշրջանի հայկական երկու գիւղերի` Մարտունաշենի եւ Գետաշէնի նկատմամբ: Գետաշէնի ենթաշրջանի պաշտպանութեան կազմակերպիչ եւ հրամանատար Թաթուլ Կրպէեանն այդ օրը գործեց աննախադէպ հերոսութիւն. օղակը քաշած նռնակով նա կարողացաւ գերի վերցնել խորհրդային բանակի 19 զինուորականների, այդ թւում` յատուկ գործողութեան ղեկավարներից մէկին` գնդապետ Մաշկովին, որպէսզի նրանց փոխանակի մինչ այդ պատանդ վերցուած մօտ 6 տասնեակ հայ խաղաղ գիւղացիների հետ, ինչպէս նաեւ ստիպի գործողութեան ղեկավարներին դադարեցնելու ահաբեկչութիւնը», ըսաւ Ասպրամ Կրպէեան եւ աւելցուց, որ բանակցութիւններու երթալու ընթացքին Թաթուլ Կրպէեան եւ անոր մարտական ընկերները կը զոհուին ատրպէյճանական կողմի արձակած կրակոցներէն:
«Թաթուլ Կրպէեանի սխրագործութեան շնորհիւ հնարաւոր եղաւ մարդկային նուազագոյն կորուստներով ֆիզիկական բնաջնջումից փրկել մօտ 4000 հայ մարդու կեանք», եզրափակեց ան:
Նշենք, որ Թաթուլ Կրպէեան Սեպտեմբեր 1996ին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար արժանացած էր Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչումին եւ պարգեւատրուած «Հայրենիք» շքանշանով: