ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 31 Յուլիս 2017ին մեկնարկած ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու 3րդ Հայաստանագնացութեան մասնակիցները Օգոստոս 5ի երեկոյեան հասան Արցախ: Շուշիի թնդանօթ-յուշարձանին մօտ, շուրջ 230 պատանիներուն եւ պատասխանատուներուն աղ ու հացով, երգ ու երաժշտութեամբ դիմաւորեցին ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամներ եւ երիտասարդներ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեան, ողջունելով բանակումի մասնակիցներու այցը Արցախ՝ մաղթեց հաճելի եւ ուսուցողական օրեր Արցախի մէջ:
Բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Սարգիս Արապօղլեան նշեց, որ 8 օր տեւող բանակումի 3 օրը պիտի անցընեն հերոսական Արցախի մէջ:
«Խանասորից Շուշի՝ յաղթանակից յաղթանակ» խորագիրը կրող Հայաստանագնացութեան 5 օրերը անցան Քանաքեռաւանի Սերժ Գալուստեանի անուան բանակավայրին մէջ: