Իրանը, արցախեան հակամարտութեան հարցով, ի սկզբանէ ցուցաբերած է կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում, եւ Արցախը բարձր կը գնահատէ նմանօրինակ դիրքորոշումը: Իրանը 1990ականներուն հանդէս եկած է աշխոյժ միջնորդական առաքելութեամբ:
Այժմ այդ առաքելութիւնը կարծես կրաւորական փուլի մէջ է, բայց աշխոյժ կը մնայ Իրանի դերակատարութիւնը տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ: «Փանորամա»ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան՝ անդրադառնալով Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի այն յայտարարութեան, որ Թեհրանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ տարածաշրջանի, մասնաւորապէս՝ սահմանակից շրջաններու մէջ լիարժէք անվտանգութեան հաստատման, եւ որ Արցախեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճանապարհով:
«Արցախեան հակամարտութիւնը այդ աշխարհաքաղաքականութեան մէկ բաղադրիչն է, ոչ թէ առանձին վերցուած հարց: Հետեւաբար, Իրանը ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական գործընթացներու վրայ: Թեհրանը մշտապէս հանդէս եկած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգտին եւ բացառած է պատերազմը ու ուժի կիրառումը: Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ կը բխի նաեւ Իրանի շահերէն: Այդ երկիրն է, որ անմիջապէս սահամանակից է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին, ե՛ւ Ատրպէյճանին», ըսած է Բաբայանը:
Ըստ անոր՝ Իրանը շատ լաւ կը հասկնայ, որ տարածաշրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը զինք, կամայ թէ ակամայ, պիտի դարձնէ հակամարտութեան մասնակից:
«Այդպէս եղած է 1991-1994 թուականներուն, երբ Ատրպէյճան ապօրինի կերպով օգտագործած է Իրանի տարածքը, այդպէս եղած է ապրիլեան պատերազմին ընթացքին, երբ հրթիռակոծած է Իրանի տարածքը, ապա, անշուշտ, յայտարարելով, որ պատահաբար եղած է», ամփոփած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարը: