Զուիցերիոյ խորհրդարանի անդամ, Ժընեւի երեսփոխան Իվ Նիտեկեր խորհրդարանին դիմած է սահմանադրութենէն «Ցեղասպանութեանց Ժխտում»ի բաժինը (Զուիցերիոյ Պատժական օրէնսգիրքի 261րդ յօդուածի 4րդ պարբերութիւնը) ջնջելու կամ փոփոխութեան ենթարկելու առաջարկով, ոգեկոչելով Փերինչեքի նախադէպը:
Իսկ Փերինչեք, քանի մը օր առաջ, Զիւրիխի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ, աւագ հիւպատոս Ասլը Օրալի ներկայութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տուած է: Յիշեցնելով 2013ին, 2015ին եւ 2016ին յաջորդաբար Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի Ստորին, ապա Վերին պալատներուն եւ Զուիցերիոյ դաշնակցային դատարանին կողմէ արձակուած վճիռները, ըստ որոնց բոլորին ալ՝ ցեղասպանութեան մասին կրնայ վճիռ արձակել միայն լիազօրուած դատարան մը, Փերինչեք հպարտօրէն յայտարարած է. «Ո՛չ այդպիսի վճիռ գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ Հայոց Ցեղասպանութիւն գործուած է»:
Ան նաեւ ողջունած է սահմանադրական փոփոխութեան համար վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը, զոր որակած է օրէնքի պետութեան յաջողութեան ուղղութեամբ առնուած քայլ մը: