ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Յունուար 4 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF-ը, կը դատապարտէ Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին վտանգաւոր գործելակերպը:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ CCAF-ը խորապէս բարկացած է Ֆրանսայի մէջ Ատրրպէյճանի դեսպան Ամիրպայովի կողմէ Փարիզի 16րդ շրջակայքի թաղապետ Գլոտ Կոասքէնի եւ Արեւելքի վտանգուած քրիստոնեաներու համակարգումի՝ Chredo-ի (Coordination des Chretiens d’Orient en danger) նախագահ, Փարիզեան շրջանի խորհուրդի փոխնախագահ Փաթրիք Քարամի յղուած նամակին բովանդակութենէն եւ ձեւէն:
CCAF-ը կը դատապարտէ օտար պետութեան ներկայացուցիչի մը կողմէ ֆրանսացի ընտրեալներու վրայ բանեցուած ճնշումը, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ նամակին մէջ տեղ գտած ճշմարտութեան հակասող բազմաթիւ պնդումները: CCAF-ը կը յայտնէ, թէ Փարիզի 16րդ թաղամասին մէջ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն նուիրուած դասախօսութեան մը ընթացքին նուազ քան մէկ վայրկեան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արծարծումը առիթ համարելով՝ նման անհամեմատական հակազդեցութիւն ցուցաբերելը կ՛ապացուցէ Ատրրպէյճանի մոլեռանդութիւնը:
CCAF-ը կը յայտնէ նաեւ, թէ այս նոր պատահարը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Ֆրանսայի մէջ դեսպանին ներկայ գտնուելու հարցը, որ անգամ մը եւս իր իրաւասութիւններէն անդին կ՛անցնի:
CCAF-ը կը յիշեցնէ, թէ հեռատեսիլի France 24 կայանին կողմէ կազմակերպուած վիճարկումի մը ընթացքին ալ ենթական CCAF-ի համանախագահ, Ֆրանսայի քաղաքացի Մուրատ Փափազեանը իր երկրին «թշնամի» որակած էր:
Հուսկ, CCAF-ը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ընէ, որպէսզի զգօն եւ խիստ վերաբերում ցուցաբերէ Ամիրպայովի գործելակերպին նկատմամբ:
ԱՏՐՊԱՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՆԱՄԱԿԸ
Նոյեմբեր 29ին, Փարիզի 16րդ թաղամասին մէջ, թաղապետարանին եւ Chredo-ի կողմէ կազմակերպուած՝ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն նուիրուած դասախօսութենէն ետք, Ատրպէյճանի դեսպանը Դեկտեմբեր 12 թուակիր նամակ մը յղած է Գլոտ Կոասքէնին եւ Փաթրիք Քարամին: Անոր մէջ, Ամիրպայով գրած է, որ նշեալ դասախօսութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արծարծումով՝ անոր կրօնական երանգ տրուած է, ինչ որ շատ վտանգաւոր է, եւ թէ ատիկա չի ալ համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ ղարաբաղեանը հողային ենթախորքի վրայ հակամարտութիւն մըն է: Այնուհետեւ ատրպէյճանցի դեսպանը կատարած է «պատմական» քանի մը յիշեցումներ: Երեք էջնոց երկար նամակին բովանդակութիւնը հոս կրկնելը անիմաստ է: Կ՛ըսենք՝ «կրկնել», քանի որ ատրպէյճանական ծանօթ քարոզչութիւններու վերարտադրութիւնն է պարզապէս: Միջազգային եւ այն ատենուան՝ սովետական օրէնքներու բռնաբարումով, հայերու կողմէ Ատրպէյճանի դէմ սանձազերծուած յարձակում… հողերու գրաւում… Խոճալուի ջարդ… եւ այլն, եւ այլն: Ապա նաեւ պատմութեան «փառաւոր» դաս մըն ալ տալով, կը պնդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը միշտ ալ ատրպէյճանցիներուն պատկանած է… թէ 1921ին Սթալին այդ շրջանը ո՛չ թէ յանձնած է ատրպէյճանցիներուն, այլ որոշած է շրջանին ատրպէյճանցիներուն տիրապետութեան տակ պահպանումը… Իր նամակին մէջ, դեսպանին շարած մարգարիտներէն է նաեւ հետեւեալ հատուածը. «Ատրպէյճան միշտ ալ ճանչցուած է լայնախոհութեան, բազմամշակութայնութեան եւ միասնաբար ապրելու արուեստի իր աւանդութիւններով: Իր ամբողջ վաղ պատմութեան ընթացքին, Ատրպէյճան հանդիսացած է ապաստան մը ցեղային եւ կրօնական բազմաթիւ փոքրամասնութիւններու համար: 90 տոկոս մահմետական (65 տոկոսը՝ շիի եւ 35ը՝ սիւննի) երկրին մէջ ներկայ է հրէութիւնը՝ երեք տարբեր համայնքներով, ՆՔ առաջին հազարամեակէն ի վեր եւ այսօր ալ կը հաշուէ աւելի քան 20,000 հոգի: Իսկ քրիստոնեայ համայնքը (բնակչութեան 5 տոկոսը) կը կազմեն ռուս ուղղափառները, բողոքականները եւ հռոմէական կաթոլիկները: Մենք, մշակութային եւ կրօնական այս բազմազանութիւնը կը նկատենք որպէս մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին անժխտելի հարստութիւնը…»:
ՔԱՐԱՄԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ՝ ԴԵՍՊԱՆԻՆ
Ամիրպայովի այս նամակին, Փաթրիք Քարամ երակարաշունչ պատասխան մը գրած է: Ան, նախ եւ առաջ կ՛ըսէ, թէ համաձայն է, որ խնդրոյ առարկայ հակամարտութիւնը կրօնական չէ, «նոյնիսկ եթէ պահ մը նման թեքում ունեցաւ, երբ 1993ին յանուն իսլամական զօրակցութեան եւ յանուն Ճիհատի՝ չէչէններ եւ աֆղաններ կռուեցան ատրպէյճանցիներու կողքին»: Ապա կը նշէ, թէ եթէ անիկա Ատրպէյճանի համար հողային հակամարտութիւն է, Ղարաբաղի բնակչութեան համար ալ՝ ազատ ապրելու, ինքնավարութեան իրաւունքի յենող՝ Մարդկային իրաւանց հարց է: «Այլեւս կայ իրականութիւն մը, որ ձեր պետութիւնը պէտք է ընդունի: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կատարեց իր ընտրութիւնը եւ իւրաքանչիւր առիթով կ՛արտայայտէ զայն: Կը մերժէ Ատրպէյճանի որեւէ կցում, զոր կը նկատէ իր ապահովութեան եւ ինքնութեան սպառնալիք», կ՛ըսէ Քարամ:

Ապա, ինքն ալ, իր կարգին, կը թուէ հայկական բնակչութիւնները թիրախ առած ատրպէյճանական յարձակումները, ի մասնաւորի Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի ջարդերը, եւ մանաւանդ 1992ին Ստեփանակերտի ռմբակոծումը: «1992ի ամրան ներկայ էի Ստեփանակերտ, անձնապէս հաս-տատեցի ատրպէյճանական օդուժին մահաբեր յարձակումները՝ ուղղուած անզէն եւ սարսափահար բնակչութեան՝ կիներուն, երախաներուն, տարեցներուն դէմ, որոնք խոյս տալով Շահումեանէն եւ Մարտակերտէն, փողոցները պարզուած կէս-կատար վրաններու տակ խռնուած էին», կ՛ըսէ ան:
Քարամ կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումի նիւթին: Ան Ամիրպայովին դիտել կու տայ, թէ Ատրպէյճան Թուրքիոյ հետ «երկու երկիր, մէկ ազգ» ըլլալ կը յայտարարէ, կը մերժէ ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը եւ ընդհակառակն՝ իր աջակցութիւնը կը բերէ իր «քոյր պետութեան» ժխտողականութեան:
Ան կ՛ըսէ նաեւ, թէ նախընտրելի է, որ Ատրպէյճան իր նաւթահորերէն ձեռք ձգած հասոյթը փոխանակ սպառազինման՝ գործածէ իր գաղթականներուն եւ ընդհանրապէս բնակիչներուն բարօրութեան:
Նամակը կ՛աւարտի հետեւեալ տողերով. «Լեռնային Ղարաբաղի կցումին համար ուժի գործածութիւնը ապարդիւն ըլլալու դատապարտուած է եւ բարոյապէս անպաշտպանելի է: Փոխանակ եուկոսլաւական բեմագրութեան, որ պատճառ դարձաւ այնքա՜ն դժբախտութիւններու եւ մարդկային ողբերգութիւններու, որ արգելք չկրցաւ ըլլալ բաժանումներու, այսօր Ատրպէյճանի կայունութեան, տնտեսական զարգացման, ընկերային եւ քաղաքական բարեշրջման նպաստաւոր կ՛ըլլայ, որ ընտրէ Չեխոսլովաքիոյ օրինակը, ուր ստեղծուեցաւ երկու պետութիւն առանց ողբերգութեան, առանց արիւն հոսեցնելու՝ շնորհիւ ղեկավարներու իմաստութեան, որոնք կ՛ուզէին խնայել իրենց բնակչութիւնները»:
– Քարամ ծագումով լիբանանցի է եւ Կուատըլուփ մեծցած է: Մարդկային իրաւանց պաշտպան, Սարքոզիի կառավարութեան մէջ Անդրծովեան ֆրանսացիներու կարելիութիւններու հաւասարութեան միջնախարարական պատուիրակի պաշտօնը վարած է:
FRENCH THIKIG IS MUCH VALUABLE THAN AZERI AMBASSIDORS IL THINKING OR HIS
IL EXPRETIONS, DON’T ATTEMPT TO POISON FRENCH HEALTHY THOUGHTS. MERCI FOR Y
YOUR HEALTHY AND JUST DECITIONS VI VLAH FRANCE AND FRENCH HEALTHY
THINKING.