Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի հայ համայնքը եւ «ՀԱՅԱՍԱ» համազգային մշակոյթի տան ուսուցիչները, տարեվերջի տօներուն առիթով, կազմակերպեցին ամանորեան գեղեցիկ ձեռնարկ մը մշակոյթի տան երեխաներուն մասնակցութեամբ:
Ըստ կազմակերպիչներուն՝ համայնքի ղեկավար Արթուր Աւետեան շնորհաւորեց բոլորը եւ ամփոփելով տարին՝ խօսեցաւ 2016 թուականին համայնքի ձեռքբերումներուն եւ գալիք տարուան ընելիքներուն մասին: Ան յայտնեց, որ 2016ի ամէնէն յիշարժան ծրագիրներէն մէկը միասնական մկրտութիւնն էր: Համայնքին կողմէ կազմակերպուած միասնական մկրտութեան արարողութեան ընթացքին 30 ընտանիքի անդամներ մկրտուեցան: Ձեռքբերումները շատ էին, սակայն այս բոլորը մէկ կողմ ձգելով, համայնքի ամբողջ կազմը նշեց եկող տարուան իր ընելիքները, որոնք պիտի իրագործուին 2017 թուականին: