ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
Ռուսիոյ Սուրկութ քաղաքին մէջ վերջերս հայկական կրթօճախ մը բացուած է, վայր մը, որ ըստ ամենայնի՝ սուրկութաբնակ հայ երեխաներուն համար կարճ ժամանակահատուածի մէջ վերածուած է ազգային-մշակութային արժէքներուն հաղորդակցուելու, մայրենին անաղարտ պահելու դարբնոցի: Գրիգոր Նարեկացիի անուան նորաստեղծ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը, անշուշտ, պիտի խթանէ, որպէսզի անոնք չկորսնցնեն իրենց ինքնութիւնն ու ազգային ոգին, ինչպէս նաեւ հոգեպէս իրենք զիրենք հայոց կենարար հողին ամուր կանգնած զգան:
«Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցին դպրոցի տնօրէն Լիզա Իլպեկեանց կը խօսի յառաջիկայ ծրագիրներուն, ծաղկուն եւ հայաստանակեդրոն դպրոց ունենալու տեսլականին մասին:
«Գրիգոր Նարեկացու անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 6ին:Դպրոցը միակն է Սուրկութի հայկական համայնքին մէջ, ուր յիսուներեք աշակերտ կը յաճախէ, երեսունհինգ աշակերտ հայոց լեզուին չի տիրապետեր: Օտարութեան մէջ գտնուելով՝ հայրենիքին մաս կազմելու եւ հայ մնալու պահանջը միշտ ուղեկցած է մեզի, այս միտքը իմաստաւորուած է յատկապէս դժուար օրերուն: Առաւել մտահոգուած եղած ենք մատաղ սերունդին հայեցի մտածողութիւն, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու հարցով, որուն պատճառով ալ դպրոցի ստեղծումը առաջնահերթութիւն համարեցինք», ըսաւ դպրոցի տնօրէն Լիզա Իլպեկեանց՝ աւելցնելով, որ դպրոցի բացումը իրականութիւն դարձած է Սուրկութի հայկական եկեղեցական համայնքին եւ բարերարներ Յովիկ Այվազեանի, Արամ Վարդանեանի, Արման æուլհակեանի, Դաւիթ Եղշատեանի եւ Սէյրան Զաքարեանի մեկենասութեամբ:
Լիզա Իլպեկեանցի հաստատումով՝ հաշուի առած են համայնքի բազմաշերտ եւ բազմաբնոյթ ըլլալը, ուստի դպրոցի հիմնական գործառոյթը ազգապահպանութիւնն ու ուծացման վտանգը կանխելը պիտի ըլլայ: Այդ բոլորին հասնելու համար՝ աշխատանքային ծրագիրին մէջ ներառած են տառաճանաչութեան, հայաշունչ խօսքի, հայրենագիտութեան դասաւանդումը, որուն միջոցով երեխաները օրինապահ, ազնիւ քաղաքացիներ կ՛ըլլան եւ արժանապատիւ հայ կը մեծնան:
Կրթօճախը քաղաքի հասարակական, կրթական կեանքի մէկ մասը դառնալու համար պիտի փորձէ համագործակցիլ Սուրկութի պետական մանկական ստեղծագործական կեդրոններուն հետ:
Դպրոցին մէջ անվճար կ՛աշխատին ուսուցչուհիներ Աղունիկ Աղայեան եւ Հերմինէ Գէորգեան, որոնց մասին դպրոցի տնօրէնը գորովանքի խօսքերով հետեւեալը ըսաւ. «Մեր ուսուցչուհիները բարձրագոյն մանկավարժական կրթութիւն ունին, մասնագիտական փորձառութեան եւ հմտութեան շնորհիւ՝ քաջ կը գիտակցին իրենց վստահուած գործի կարեւորութիւնն ու բարդութիւնը: Անոնց հոգին լի է մայրենիին ծառայելու, աշակերտներուն մեսրոպալեզու դարձնելու կամքով եւ անձնուիրութեամբ՝ համոզուած ըլլալով, որ ազգային նպատակներուն հասնելուն կ՛օգնեն միայն համախմբուած եւ կանոնակարգուած աշխատանքներու կազմակերպումը»:
Դպրոցի տնօրէնը իրենց առջեւ դրուած խնդիրներուն լուծումը կը տեսնէ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն ամէնօրեայ անդուլ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ՝ հայ բարերարներու աջակցութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարաութեան հետ մշտական կապի մէջ գտնուելուն միջոցով:
Լիզա Իլպեկեանց իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ փոխգործակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ արդէն կը տեսնէ նախարարութեան հետ յետագայ աշխատանքներու հեռանկարները:
Նոյն ժամանակ, համագործակցութեան կապեր հաստատած են հայկական այլ համայնքներու դպրոցներու եւ ուսուցիչներու հետ, ինչպէս օրինակ՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հարաւային Ռուսիոյ Հայոց թեմի «Արմատ» կիրակնօրեայ դպրոցի, պետական «Ցենտրալնի» ստեղծագործական կեդրոնի մանկավարժ Երազիկ Յարութիւնեանի եւ Մոսկուայէն Կիւլնարա Վարդանեանի հետ:
«Այս մեծ, դժուար ճանապարհի հիմքերը սիրով եւ հոգատարութեամբ դրած ենք: Յոյսով եմ՝ կը յաջողինք կեանքի կոչել բոլոր նախաձեռնութիւնները՝ միասնաբար շարունակելով աշխարհասփիւռ հայորդիներուն կրթելու գործը՝ ի շահ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման», զրոյցը ամփոփեց Լիզա Իլպեկեանց: