Կիրակի, 26 Դեկտեմբերին Թիֆլիսի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի տօնը նշուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի մատուցած Ս. եւ անմահ պատարագով: Յընթացս Ս. պատարագի, Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ հաստատուած աւանդոյթին համաձայն, Ստեփանոսի բերկրառատ տօնին առիթով, կատարուեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն:
Վիրահայոց թեմը կը տեղեկացնէ, որ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ այս արարողութիւնը կատարուած է առաջին անգամն ըլլալով:
Գարեգին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի ձեռամբ կատարուեցաւ Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Յովսէփ ուրարակիր Չիրախեանի, Գէորգ ուրարարակիր Անտոնեանի, Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ Օթար ուրարակիր Գիգավրիի եւ Ախալքալաքի Ս. խաչ եկեղեցւոյ Պետրոս դպիր Գասպարեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։ Անոնք Գարեգին Բ.ի օրհնութեամբ, յաջողութեամբ յանձնած էին իրենց սարկաւագական քննութիւնները: