ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ տրամադրելի են յառաջիկայ տարուան «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրի մասնակցութեան դիմումնագիրները:
23րդ տարին թեւակոխող այս ծրագիրին մասնակիցները առիթը պիտի ունենան գործնականապէս մասնակցելու հայրենիքի բարգաւաճման՝ միաժամանակ սերտ կապեր հաստատելով Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ իրենց հանդիպած հայորդիներուն հետ:
1994ին սկսած սոյն ծրագիրի նախնական օրերուն, շեշտը Արցախի վերակառուցման աշխատանքներուն վրայ էր, սակայն 2008էն ի վեր, ծրագիրի մասնակիցները կը կազմակերպեն պատանիներու (9-16 տարեկան) յատուկ ճամբարներ, որոնց ընթացքին կ՛իրականացուին գլխաւորաբար դաստիարակչական ծրագիրներ եւ խաղեր։
«Երիտասարդական Ջոկատներ»ու մասնակիցները վեց շաբաթներ պիտի անցընեն Հայաստանի ու Արցախի մէջ. անոնցմէ հինգը պիտի տրամադրուի ճամբարներու, իսկ վեցերորդ շաբթուան ընթացքին, ծրագիրի մասնակիցները առիթը պիտի ունենան Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի զանազան վայրերը այցելելու:
Դիմումնագիրները, պէտք է ամբողջացուին մինչեւ Մարտ 1, 2017։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրը ամբողջացնելու համար, այցելել www.ayfyouthcorps.org/apply կայքէջը: