Տարիներու արագավազ թաւալումին հետ հասած ենք 2016 տարուան աւարտին: Տարին շուտով կը յանձնենք պատմութեան ու դարձեալ կ՛ապրինք ամենէն գեղեցիկ ժամանակը, երբ մեր սիրտերը համակուած են Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան օրերու պայծառութեամբ ու ջերմութեամբ, ու ամբողջ աշխարհը տօնական ցնծութեամբ կը պատրաստուի դիմաւորել ամանորը։
Տօնական այս օրերը նաեւ լաւագոյն առինթներն են, որ մեր ընտանեկան պարագաներով, մտերիմներով ու բարեկամներով համախմբուած՝ փառք տանք Աստուծոյ անցնող տարուան ընթացքին մեզի պարգեւած բարիքներուն համար եւ յոյսով վերանորոգուած ու նոր ծրագիրներով նայինք գալիքին՝ նոր սկիզբի մը։
Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ իր տիկնոջ՝ Յասմիկին, համար աննախընթաց չէ տօնական այս օրերը տօնախմբել Ազգային առաջնորդարանի ընտանիքին հետ։ Այս տարի եւս Յովակիմեանները, Դեկտեմբեր 1ի երեկոյեան Four Season Los Angeles-ի գեղեցիկ սրահին մէջ, հիւրընկալեցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մտերմիկ ընթրիք-հաւաք մը, ի մի բերելով ազգային կեանքին մէջ գործակիցներ ու բարեկամներ՝ իբրեւ մէկ ընտանիքի ու մտերիմներու։ Երեկոն կը միտէր շնորհակալութիւն յայտնել ազգի այս աւագանիին՝ իր տարած հայրենանուէր ծառայութեանց համար, բարեմաղթութիւններ փոխանակել, ինչպէս նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ «Ծառայութեան» պատգամին լոյսին տակ նոր կորովով անցնիլ նոր աշխատանքային շրջանի մը։
Հրաւէրին ընդառաջած էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն ու անդամներ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Ազգային վարչութեան անդամներ իրենց կողակիցներով եւ ընտանեկան մօտիկ պարագաներ ու բարեկամեր։
Հիւրընկալները բարի գալուստի խօսքերով ողջունեցին ներկաները եւ սրտագին բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին, որ 2017 տարուան ընթացքին մեր ընտանեկան յարկերն ու օճախները լեցուին աստուածատուր օրհնութիւններով, բարիքներով եւ հաճելի անակնկալներով։ Սեղանակիցներուն հետ անոնք բաժակները բար-ձրացուցին լաւ ընկերութեան, համերաշխութեան եւ միութեան շարունակութեան մաղթանքներով։
Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ առաջնորդ հայրը, որ գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար, նշելով որ Յիսուս Մանուկի ծնունդով, կը վերանորոգենք մեր հաւատքը, յոյսն ու սէրը: Սրբազանը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ խաղաղութիւն մաղթեց աշխարհին։
Երեկոն՝ համեմուելով ներկաներու ուրախ ու սրտաբուխ արտայատութիւններով ու մաղթանքներով, երկարեցաւ մինչեւ ուշ ժամեր։
Մտերմիկ ու սիրալիր այս հաւաքը, ազգի փոքրիկ այս ընտանիքին համար եղաւ նաեւ ջերմ առիթ մը ծառայութեան կամքի վերանորոգութեան։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ