ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Իրան իր հիւսիսային նահանգները երկաթուղիի միջոցով Հայաստանին կապելու ծրագիր մը մշակած է. այս մասին յայտարարած է Իրանի քաղաքաշինութեան եւ ճանապարհներու նախարար Ապպաս Ախունտի՝ ըստ իրանեան «Իսնա» լրատու գործակալութեան։
Իրանցի նախարարը, խօսելով Իրանի հիւսիսային նահանգներուն մէջ երկաթուղիներու զարգացման ծրագիրներուն մասին՝ նշած է, թէ Իրան նպատակ ունի զարգացնելու Ռաշթ-Զանճան-Թաւրիզ երկաթուղային հաղորդակցութեան ուղին, որուն միջոցով նշուած տարածքները պիտի կապուին Հայաստանին, Նախիջեւանին եւ Թուրքիոյ: