ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի Ծերակոյտի նախագահ Ֆետերիքօ Փինետօ ըսած է, թէ հպարտ է Արժանթինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը պատրաստողներէն մէկը ըլլալուն համար։
Ան այս յայտարարութիւնը ըրած է Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ ու Հայաստան-Արժանթին Բարեկամութեան խմբակի նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի գլխաւորութեամբ Արժանթին այցելող պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ Շարմազանով Արժանթինը գոված է՝ ըսելով, որ արժանթինցի խորհրդարանականները ոչ միայն կը հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ յաջողութեամբ դէմ կը դնեն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան։ Շարմազանով նաեւ քննադատած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը եւ Ատրպէյճանի ռազմաշունչ քաղաքականութիւնը։