ԵՐԵՒԱՆ.– 8 Յուլիսին Ազգային ժողովի նիստերու փոքր դահլիճին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի ղեկավար Աշոտ Ղուլեանի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան գործադիր ղեկավարման մարմինի գործունէութեան հաշուետուութեան ներկայացումը, զոր կատարած է մարմինի ղեկավար, վարչապետ Արա Յարութիւնեան:
Ըստ անոր՝ ստացուած ոչ դրամական արժէքները գոյքագրուած են կառավարութեան պահեստներուն մէջ, պարէնային ապրանքները համակարգուած են գիւղատնտեսական հիմնադրամի կառոյցներուն, իսկ իրային օգնութիւնը՝ ներդրումային հիմնադրամի միջոցով:
Հաշուետուութեան համաձայն՝ 100է աւելի նոր ինքնաշարժ տրամադրուած է պաշտպանութեան նախարարութեան, փրկարար ծառայութեան, շտապ օգնութեան կայաններուն եւ պետական կառավարման համակարգերուն՝ հիմնականին մէջ շրջանային:
Դրամական փոխանցումները կազմած են 4 միլիառ 562 միլիոն 175 (շուրջ 10 միլիոն տոլար) հազար դրամ: 1 Յուլիսի դրութեամբ, ստացուած գումարին շուրջ 50 տոկոսը ծախսուած է, անկէ յատկացումներ կատարուած են ճարտարագիտական աշխատանքներու իրականացման եւ զօրակոչուած քաղաքացիներու դրամական փոխհատուցման համար:
Կառավարութեան ղեկավարին համաձայն՝ հաշուետուութիւնը պիտի ներկայացուի նաեւ հասարակական-քաղաքական շահա-գրգռուած շրջանակներուն եւ լրատուամիջոցներուն:
Հանդիպման ընթացքին, այս ուղղութիւններով համապատասխան հաշուետուութիւններով հանդէս եկած է նաեւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Լեւոն Գրիգորեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին խորհրդարանականները Արա Յարութիւնեանին ներկայացուցած են համապատասխան առաջարկներ եւ առաջադրած հարցեր՝ քաղաքացիական պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակները կարգաւորող ենթաօրէնսդրական կարգերու, տարհանուած բնակչութեան կարիքներուն հանդէպ ուշադրութեան եւ այլ թեմաներով:
Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան գործադիր ղեկավարման մարմինի առաւել մանրամասն հաշուետուութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացուի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ: