ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ որեւէ երկրի շինիչ մասնակցութիւնը ողջունելի է. Ուրբաթ, Յուլիս 8ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան աւելցուցած է, թէ այժմ գոյութիւն ունին հակամարտութեան կարգաւորման համապատասխան ձեւաչափեր՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ եռակողմանի հանդիպումները։