Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 50ամեակին առիթով ստորեւ ներկայացուած պատմական ակնարկ-գրութիւնը առնուած է «Ամէնուն Տարեցիրքը»ի 1962ին նուիրուած հատորէն։
ՀՕՄը ստանձնած է հայերէնի ուսուցման նախաձեռնութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ 1951էն ի վեր։ Այս նպատակին համար ալ կազմուած է Կրթական խնամակալ մարմին մը, որուն կ՛անդամակցին Մկրտիչ Մոսիկեան՝ ատենապետ, տիկին Ովսաննա Յակոբեան՝ ատենադպրուհի, Ռուբէն Մատթէոսեան՝ գանձապետ, տիկին Թամարա Շատախեան, Եղիշէ Յակոբեան, Կիրակոս Մահտեսեան, Ներսէս Ֆընտըքեան եւ Գրիգոր Պետրոսեան։
Կայ նմանապէս Ծնողական խորհուրդ։
Դպրոցը կամ դասընթացքը բաժնուած է 4 դասարաններու, ըստ աշակերտներուն մայրենի լեզուի ծանօթութեան, եւ կը տեւէ շաբթուան մէջ օր մը՝ միայն երկու ժամ։ Կը յաճախեն 125 աշակերտներ, որոնք քաղաքի արեւելեան շրջաններէն կը փոխադրուին մասնաւոր «պաս»երով։ Ծախսերը կը հայթայթուին մասամբ ՀՕՄի եւ մեծ մասամբ ծնողներու կողմէ։
Լոս Անճելըսի Ս. Մեսրոպ վարժարանի Խնամակալ մարմինը եւ ուսուցիչները.
Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Գուրգէն Գարտաշեան, տիկին Անայիս Թոփալեան, տիկին Ովսաննա Յակոբեան, Ռուբէն Մատթէոսեան, Սմբատ վրդ. Լափաճեան, Մկրտիչ Մոսիկեան, Թորգոմ Փոստաճեան եւ տիկին Թամարա Շատախեան.
Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Մկրտիչ Ղանտիլեան, Եղիշէ Յակոբեան, Կիրակոս Մահտեսեան, Ներսէս Ֆընտըքեան, Գասպար Գասպարեան եւ օր. Մաքրուհի Սեդրակեան.
Ետեւը՝ ձախէն աջ՝ Գրիգոր Պետրոսեան եւ Սօս Ղազարեան
Կը պաշտօնավարեն հինգ ուսուցիչներ՝ Թորգոմ Փոստաճեան (վարիչ), Գուրգէն Գարտաշեան, տիկիններ Անայիս Թօփալեան, Մաքրուհի Սեդրակեան եւ օր. Մարի Մկրտիչեան։ Այս վերջինը կը զբաղի հայերէն չգիտցող չափահաս աղջիկներով։
Կրթական Խնամակալ մարմինը նախաձեռնութիւնը ստանձնած է կառուցանելու շէնք մը Մեսրոպեան վարժարանին համար։ Այս առաջադրութեամբ եւ անհրաժեշտ հողի գնման նպատակով, անցեալ տարուան Մայիս 20ին կազմակերպած է գեղարուեստական երեկոյթ մը, որուն ընթացքին եղած նուիրատուութիւններէն գոյացած է 44,000 տոլար։ Այս գումարին 10,000 տոլարը յատկացուցած է Հայ կեդրոնը։ Հողը, որ ունի 3 էյքըր տարածութիւն, գնուած է արդէն 48,000 տոլարի։ Կառուցման հարցը սակայն կախում ունի հանգուցեալ Մ. Գ. Ֆերահեանի եւ կնոջ կտակին օգտագործումէն։
Դպրոցական շէնքին կառուցումէն ետք պիտի շատցուին դասաւանդութեան օրերն ու դասապահերը, եւ այն ատեն վստահօրէն պիտի յաճախեն աւելի շատ թիւով աշակերտներ։
————————————
Տէր Եւ Տիկին Մ. Գ. Ֆերահեաններուն Կտակը
Քալիֆորնիոյ ազգային-կրթական-հասարակական մարզերուն մէջ մեծ աշխատանք տարած եւ իրենց գործունէութեամբ հայութեան երախտագիտութեան արժանացած Մատթէոս Գ. Ֆերահեան եւ իր կողակիցը Եւգինէն, որոնք մեռան վերջին տարիներուն, համայնքին կտակած են շուրջ քառորդ միլիոն տոլար գնահատուող անշարժ կալուած մը, որուն փոխարժէքը, ըստ բարերարներու ցանկութեան, պէտք է ծառայէ վարժարանական շէնքի մը կառուցման։
Այս միեւնոյն կտակով, բարերարները հիմնելի վարժարանին կտակած են նաեւ հազարէ աւելի հայերէն եւ անգլերէն արժէքաւոր գիրքեր պարունակող իրենց գրադարանը։
Երբ իրականանայ կալուածին վաճառումը, այն ատեն, գնուած հողամասին վրայ եւ վարժարանին կողքին պիտի կառուցուի նաեւ նոր եւ ընդարձակ Հայ կեդրոն մը։
—————————————————
Հայ Կեդրոն
ՀՅ Դաշնակցութեան սեփականութիւնն է իբրեւ հանդիսավայր եւ ակումբ ծառայող այս շէնքը, որ ունի 600 հոգի առնող սրահ մը, իր բեմով, զբօսարան-սրճարանով եւ յարակից շատ մը սենեակներով։ Հիմնուած 1947ին եւ բացումը կատարուած 1949ին։ Արժած է իր ատենին 75,000 տոլար։
Հայ կեդրոնը ունի իր վարչութիւնը, որուն կ՛անդամակցին Մկրտիչ Ղանտիլեան՝ ատենապետ, Մասիս Ռիւզկէրեան՝ փոխատենապետ, Կարօ Թաշճեան՝ ատենադպիր, Փօլ Պօզոյեան՝ գանձապետ, Սահակ Մանկրեան, Ճորճ Յարութիւնեան եւ Հայկ Կիլիկեան՝ խորհրդականներ։ Վարիչն է Գէորգ Ֆրոյեան։ Իսկ ընդհանուր հաշուապահն է Դրօ Ամիրեան, որ առանց վարձատրութեան սիրայօժար ստանձնած է ոչ միայն Հայ կեդրոնին, այլեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հաշուապահութիւնը։
Հայ կեդրոնը ունի պետական վաւերացում իբրեւ բարեսիրական հիմնարկութիւն եւ այդ հանգամանքով զերծ կը մնայ տուրքերէ։
————————————————
ՀՄԸՄ
ՀՄԸՄը եւ առհասարակ հայ մարմնակրթական կազմակերպութիւնները տարածուած չեն ամերիկահայ գաղութին մէջ։ Այս պատճառով ալ մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը չկայ նման ձեռնարկներու հանդէպ։ Ընդհանուր այս պատկերին մէջ բացառութիւն պէտք է նկատել ՀՄԸՄ անունով ֆութպոլի խումբը Լոս Անճելըսի մէջ։ Կազմուած է 1951ին, Գերմանիայէն հոն փոխադրուած տարագիր երիտասարդներով։ Տարիներով Բ. դասակարգի խումբ նկատուելէ ետք, իր յաջողութեանց շնորհիւ, խումբը կրցած է անցնիլ Ա. դասակարգ։ Ատկէ ի վեր, ամէն տարի կանոնաւորաբար կը մրցի համաստիճան օտար խումբերու հետ, ոչ միայն Լոս Անճելըսի, այլեւ Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի եւ այլ շրջաններու մէջ եւ ընդհանրապէս կ՛ունենայ յաջող եւ յաղթական խաղարկութիւններ։ Արտասովոր յաջողութիւն մը ունեցած է այս խումբը անցեալ տարի, մրցելով Ամերիկայի երկրորդ ախոյեանը հանդիսացած սկովտիական խումբին հետ։ Յաղթած է անոր 2ի դէմ 6 կոլերու ջախջախիչ արդիւնքով, ինչ որ մեծ զարմանք պատճառած է բոլոր խաղասէրներուն։
Խումբը գործը յառաջ կը տանի իր միջոցներով։ Սեփական խաղադաշտ չունի իր փորձերուն համար։ Ամերիկեան պատկան իշխանութիւնները սակայն ձրիաբար կը տրամադրեն դպրոցական խաղադաշտերը, նաեւ գիշեր ժամանակ։
——————————————
Լոս Անճելըս ունի իր հայկական ռատիօժամը, Մխիթար Մինասեանի տնօրէնութեամբ եւ Գէորգ Պօյաճեանի գործակցութեամբ։ Հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր հայր Միքայէլ վրդ. Աքեան ամէն Կիրակի առաւօտ կրօնաշունչ քարոզներ կու տայ այս ռատիօկայանէն։
———————————————————————————————————
Ճէք Առաքէլեան
Բոլոր ժամանակաշրջաններուն Ամերիկա գաղթած հայերուն մէջ չկայ ոեւէ մէկը, որ չարքաշ ու յամառ աշխատանքի շնորհիւ միայն հասած չըլլայ իր տնտեսական բարգաւաճման։ Այդ պայմաններուն մէջ աւելի ծանր եղած է փոքրահասակ գաղթականներուն աշխատանքի բաժինը, որովհետեւ այդ տարիքին ունեցած են անոնք բազմատեսակ մտահոգութիւններ։ Նմանները չարաչար յոգնութեամբ կրցած են ապահովել իրենց ապրուստը, մանաւանդ որ հարկադրուած են միաժամանակ զբաղիլ նաեւ իրենց կրթութեամբ եւ վարժարան յաճախել։ Եւ տարիներ թաւալած են տարիներու վրայ, մինչեւ որ յաջողած են հասնիլ իրենց տնտեսական անկախութեան։
Այս դասակարգէն պատանի մը եղած է նաեւ Ճէք Առաքելեան, որ Ամերիկա գաղթած է 9 տարեկան հասակին։ Պատանեկութեան շրջանը բոլորած է ան ծանր աշխատանքով։ Ցերեկները կօշիկ է ներկած կամ փողոցէ փողոց շրջելով թերթ է ծախած, իսկ գիշերներն ալ դպրոց է յաճախած։ Այդ տարիքէն իսկ ինք է ճարած իր ապրուստը, առանց ոեւէ մէկուն բեռ ըլլալու։
Ամբողջ այս տքնութեան արդիւնքը եղած է ի վերջոյ իր ուշագրաւ յաջողութիւնը կեանքի մէջ։ Հանգրուանէ հանգրուան իր վերելքը ապահոված է այսօր իրեն, կենդանաբուծական եւ առեւտրական ասպարէզներու մէջ բացառիկ դիրք մը։
Ճէք Առաքելեանի գլխաւոր զբաղումն է կենդանաբուծութիւնը եւ յատկապէս խոզաբուծութիւնը։ Քալիֆորնիոյ մէջ ան ունի մեծագոյն խոզաբուծարանը, որ տարեկան աւելի քան 20,000 խոզ կը յանձնէ շուկայ, վաճառման համար։
Գրեցինք արդէն, թէ ինքն ալ մէկն է հայկական դրամատան բաժնետերերէն եւ տնօրէններէն։ Այս գործերէն բացի, շահաբաժիններ ունի նաեւ տնտեսական այլ մեծ ձեռնարկներու մէջ։
Ճէք Առաքելեան ծնած է Շիրակ։ Տարիքը՝ 49։ Ամերիկա գաղթած է 40 տարի առաջ։
Ինքն ալ մէկն է Հայ կրթական հիմնարկութեան հիմնադիր անդամներէն։ Մօտէն կը հետաքրքրուի ազգային-հասարակական կեանքով եւ այդ հետաքրքրութինն ալ կ՛արժեւորէ միշտ իր նիւթական առատաձեռն օժանդակութիւններով, յօգուտ բոլոր բարենպաստ ձեռնարկներու։
Խոսրով Մեղրիկեան
Կը զբաղի տոլարի առեւտուրով։ Ոչ սեղանաւոր, ոչ ալ լումայափոխ, այլ պարզապէս տոլարի վաճառական։ Ու վաճառական ամերիկեան դրոշմաթուղթերու։ Այս է Խոսրով Մեղրիկեանի գործը։
Տոլարի այս վաճառքը, սակայն, կը վերաբերի շրջաբերութենէ դադրած դրամներուն միայն։ Ուրեմն տեսակ մը հնագիտական վաճառատուն պիտի ըսուէր, եթէ երբեք վաճառելի ապրանքին քանակութիւնը անսահմանօրէն շատ չըլլար։ Իր ընդարձակ վաճառատան մէջ երկաթապատ անհամար դարակներ լեցուն են ոսկեայ, արծաթեայ եւ նիքելէ դրամներ պարունակող տոպրակներով, ինչպէս նաեւ չգործածուած հին ու նոր դրոշմաթուղթերու տրցակներով։ Պետական գանձատան մէկ բաժանմունքը այցելած ըլլալու տպաւորութիւնը կ՛ունենայ մարդ, երբ կը դիտէ տոլարի տոպրակներու եւ բազմատեսակ նամակադրոշմներու թերթերուն դէզերը, դարակներու մէջ։
Այս ալ ուրեմն առեւտրական գործի մէկ այլ տեսակը, որուն մէջ մասնագիտացած է Խոսրով Մեղրիկեան, տասնամեակներու փորձառութեամբ, նախ Նիւ Եորքի մէջ, ուր իր եղբայրն ալ կը զբաղի միեւնոյն գործով, ապա Լոս Անճելըս, ուր հաստատուած է 1950էն ասդին, հիմնելով ամերիկեան եւ օտար հրապարակներու վրայ ծանօթ իր այս ինքնատիպ հաստատութիւնը եւ հասնելով իր այժմու տնտեսական փայլուն դիրքին։
Խոսրով Մեղրիկեան ծնած է Սասուն, 1900ի Յունիսին։ Ծնողքին հետ փոխադրուած է Հալէպ 1912ին, ուր մնացած է մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի վախճանը։ Այնտեղ ստացած է իր հայեցի կրթութիւնը եւ ապա, երկու տարի ալ Պէյրութ մնալէ ետք, 1920ին գաղթած է Ամերիկա եւ 30 տարի ապրած ու աշխատած է Նիւ Եորք։