ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Պարոն Փօսթաճեան, Շաբաթ, 20 Փետրուարին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ հրապարակային հանդիսութեամբ մը պիտի տօնուի Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի հիմնադրութեան 50ամեակը: Այս առթիւ, որպէս «Մեսրոպեան»ի հիմնադիր տնօրէն, կրնա՞ք ամփոփ կերպով տալ ձեր յուշերը, ապրումները՝ դպրոցի սկսման օրերուն մասին:
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ, տարիքիս բերումով, ինծի համար քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ այդքան ետ երթալ, վերյիշելու համար այն բոլորը, որոնցմէ ես անցայ որպէս հիմնադիր-տնօրէնը Մեսրոպեան վարժարանի: Այսուհանդերձ, կ՛ուզեմ շեշտել, որ Ամերիկայի մէջ ամէնօրեայ վարժարան մը սկսելու գաղափարը ես յղացայ՝ հետեւեալ պատճառով: Իմ իմաստասիրութեան ուսուցիչս եւ դաստիարակս՝ Շահան Պէրպէրեան, նախ Պոլսոյ, ապա Գահիրէի Պէրպէրեան վարժարանի տնօրէնը, Ամերիկա եկաւ 1950ական թուականներուն, երբ ես ալ նոր հասած էի Ամերիկա՝ որպէս հովիւը Պոսթընի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ: Այդ օրերուն, իրեն ի պատիւ տրուած ձեռնարկի մը ընթացքին ճառ մը արտասանելով՝ Շ. Պէրպէրեան ըսաւ. «Այս երկրին մէջ եթէ դուք կ՛ուզէք հայը հայ պահել, միայն մէկ ձեւ կայ՝ հայկական դպրոց պիտի բանաք. առանց հայկական դպրոց բանալու, դուք չէք կրնար յաջողիլ»: Անսալով ուսուցիչիս պատգամին՝ ես որոշեցի առաջին հայկական դպրոցը բանալ Ամերիկայի մէջ: Քանի մը տարի ետք, երբ Քալիֆորնիա տեղափոխուեցայ, այդ երազս յաջողցուցի 1965ին, Փիքօ Ռիվերայի մէջ հիմնելով Մեսրոպեան վարժարանը: Անկէ առաջ, շուրջ տասը տարիներ՝ 1955-1964, Ճորճ Շուլ Հայ Սքուլի մէջ շաբաթօրեայ դպրոց մը բացած էի՝ ունենալով շուրջ 160 աշակերտներ, որոնք հետագային եղան Մեսրոպեան ամէնօրեայ վարժարանի առաջին աշակերտները, շնորհիւ իրենց ծնողներուն ցուցաբերած հայեցի գիտակցութեան ու նուիրումին:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Պարոն Փօսթաճեան, ճիշդ է՝ ամէն կարեւոր քայլ, իրագործում, յաճախ ռահվիրայով մը, առաջնորդով մը կը սկսի, սակայն անպայմանօրէն իր շուրջ կ՛ունենայ իր գաղափարի ու տեսլականի իրագործման սատարող անհատներ, կրօնական թէ աշխարհիկ դէմքեր, մարմիններ ու հաստատութիւններ… Ձեր պարագայի՞ն ալ նոյնը եղաւ:
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Այո՛, իմ պարագայիս ինծի զօրավիգ եղան Ս. Խաչ Հայաստանեայց եկեղեցին, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, անոր կարկառուն անդամներէն Հէրի Քարեանը, Ճեք Առաքելեանը, Ժոզէֆ Փիրումեանը, Ալէք Փիլիպոսը, Ճան Կոկեանը եւ Բիւզանդ Կռանեանը, ՀՅԴ «Մուրատ» կոմիտէն եւ ՀՕՄի մասնաճիւղը: Այդ շրջանին, Ս. Խաչ եկեղեցին կը գտնուէր Տաուն-Թաուն Լոս Անճելըսի մէջ: Յետագային, վաճառեցին այդ շէնքը եւ փոխադրուեցան Մոնթեպելլոյի ներկայ կալուածը: Պէտք է խոստովանիմ նաեւ, որ ըլլայ նիւթապէս թէ բարոյապէս, ինծի մեծապէս օգտակար եղան առաջին՝ Հէրի Քարեանը, երկրորդ՝ Ճեք Առաքելեանը, որոնք յետագային եղան նաեւ «Մեսրոպեան»ի խնամակալ մարմինի անդամներ:
Մեսրոպեան վարժարանը կեանքի կոչելէ առաջ պատահեցաւ դէպք մը, որ ուշագրաւ էր: Ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան առաջնորդ դէմքերը հոն էին: Այդ օրը ես բանախօսութիւն մը ըրի Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մասին. ընթացքին նաեւ շեշտեցի ամէնօրեայ հայկական վարժարան բանալու անհրաժեշտութիւնը: Ժողովուրդը մեծ հիացումով մտիկ ըրաւ: Ձեռնարկէն ետք Հէրի Քարեան մօտեցաւ եւ ըսաւ ինծի. «Տղա՛ս, այս Կիրակի կ՛ուզեմ հանդիպիլ քեզի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ»: Երբ հանդիպեցանք, ան ըսաւ ինծի. «Տղա՛ս, դուն առաջինն էիր որ ըսիր, թէ կ՛ուզես Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ դպրոց մը բանալ: Եւ ես՝ Հայ կրթական հիմնարկութեան օգնութեամբ, ամէն գնով պիտի բանամ այդ դպրոցը՝ գտնելով բարերարները»:
Մինչ այդ, ես արդէն իսկ գտած եւ գնած էի այդ երեք էյքըր հողը, 1964 թուականին, որուն վրայ կառուցուած է այսօրուան «Մեսրոպեան»ը: Այդ առթիւ գրած էի յօդուած մը, որ լոյս տեսաւ Պոլսոյ «Մարմարա»ի, «Ասպարէզ»ի եւ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ: Եւ ահա, ինծի անծանօթ անձ մը նամակ մը գրելով՝ կը յայտնէր, թէ կտակ մը ունի նոր բացուելիք Մեսրոպեան վարժարանին համար: Սակայն, դժբախտաբար, տարի մը ետք մահացաւ: Կարճ ժամանակ ետք, Նիւ Եորքի Bank of America-էն նամակ մը ստացայ, թէ՝ մեծագումար կտակ մը կայ իմ անունով, ամէնօրեայ դպրոց մը բանալու նպատակով: Անմիջապէս, Հայ կրթական հիմնարկութեան հետ փաստաբան մը վարձեցի եւ այդ գումարը երկուքի կիսելով՝ յատկացուցինք Ֆերահեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն: Ճեք Առաքելեանը, որ այդ տարիներուն Քոչիլա Վելիի մէջ գտնուող խաղողի այգիէն մեծ շահոյթ ապահոված էր, իր կարգին նուիրեց շօշափելի գումար մը, «Մեսրոպեան»ի կառուցման նպատակին:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Իսկ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը ինչպիսի՞ նպաստ բերաւ «Մեսրոպեան»ին:
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Ամերիկայի մէջ, երբ թեմական դպրոց (parochial school) բացուի եւ այդ դպրոցը եկեղեցւոյ մը կապուած ըլլայ, տուրքէ զերծ կ՛ըլլայ: Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, այդ առումով, մեծ օգտակարութիւն ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանին՝ կատարուած բոլոր նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ կացուցանելով։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Դպրոցի շինարարութիւնը ե՞րբ սկսաւ:
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Շինարարութիւնը սկսաւ 1964ի վերջերը եւ աւարտեցաւ 1965ի գարնան: Այդ կապակցութեամբ, ես գրեցի յօդուած մը, որ լոյս տեսաւ նաեւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Այդ օրերուն, Պէյրութի մէջ ուսուցչութիւն կ՛ընէր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը: Ան հանգանակութիւն մը կազմակերպեց եւ դրամ հաւաքեց Մեսրոպեան վարժարանին համար: Տարի մը ետք՝ 1965ին, ան Քալիֆորնիա գալով՝ Փիքօ Ռիվերայի մէջ բնակութիւն հաստատեց եւ միաժամանակ յայտնեց, թէ ինք պատրաստ է դպրոցին տնօրէնութիւնը վարելու: Հէրի Քարեան ըսաւ, թէ «մենք մեր տնօրէնը ունինք: Հանգանակուած գումարը եթէ բերած ես՝ սիրով կ՛ընդունինք, բայց մենք նկատի ունինք Թորգոմ Փօսթաճեանը որպէս տնօրէն»: Սրդողած Ինճէճիկեան գնաց եւ Էնսինոյի մէջ 12 աշակերտներով հիմնեց Ֆերահեան վարժարանը:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Չէ՞ք կարծեր, որ հարցը փայլուն կողմէն դիտած՝ պէտք է ըսել, որ այդ կացութենէն ծնաւ կրկնօգուտ, ինչպէս ամերիկացիք կ՛ըսեն՝ «win-win situation» մը, որուն շնորհիւ մենք այսօր այս ափերուն վրայ ունինք՝ գրեթէ նոյն օրերուն կեանքի կոչուած Ֆերահեան եւ Մեսրոպեան վարժարանները, որոնք յիսուն տարիներէ ի վեր մեր երկսեռ նոր սերունդի հազարաւոր զաւակներուն մայրենի լեզու, հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբեցին եւ դեռ կը ջամբեն: Ապա, տարիներու ընթացքին, անոնց միացան բազմաթիւ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ…
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Ճի՛շդ է, համաձայն եմ:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Լա՛ւ, վերադառնանք «Մեսրոպեան»ին: Որքան գիտենք, անցեալ 50 տարիներուն, յատկապէս 1965-1975 տասնամեակին, հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն Մեսրոպեան վարժարան այցելելով, կամ նամակներով ու մամուլի մէջ լոյս տեսած գրութիւններով, կրօնական թէ աշխարհիկ մեծանուն դէմքեր շնորհաւորեցին «Մեսրոպեան»ի ծնունդը. կրնա՞ք նշել անոնցմէ քանի մը անուն:
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ Այո՛: 1965էն մինչեւ 1975 թուականները, իմ տնօրէնութեանս շրջանին, Ամերիկայէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն Մեսրոպեան վարժարան այցելելով կամ շնորհաւորական նամակներով ու մամուլի մէջ լոյս ընծայուած գրութիւններով, իրենց օրհնութիւնները, շնորհաւորանքներն ու նեցուկը յայտնեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ը, յանուն Պէյրութի Համազգայինին՝ Սիմոն Վրացեանը (որ գրած էր քաջալերական գեղեցիկ նամակ մը, զոր մինչեւ այսօր կը պահեմ), Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Նագուշ Յարութիւնեանը (որ վարժարանին բերաւ պատկառելի նուէր մըն ալ, զոր մինչեւ այսօր կը մնայ), աշխարհահռչակ երգահան-երաժիշտ Արամ Խաչատրեանը, Երեւանի քաղաքապետ Գրիգոր Հասրաթեանը, Ճորճ Մարտիկեանը, Կարօ Սասունին, աշխարհահռչակ գանկաբան բժիշկ Անդրանիկ Ճաղարեանը, ՀԲԸՄի նախագահ Ալեք Մանուկեանը, մեծանուն բանաստեղծ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանը եւ Կիւլպէնկեան հաստատութեան ներկայացուցիչ Վահրամ Մաւեանը։
Կարեւորութեամբ պէտք է յիշեմ անձ մը, որ երբ դպրոցի բացումը ըրինք, առաջին օրը, իրեն հետ բերած էր զանգակ մը, որ ունէր խորհրդանշական իմաստ. ան նաեւ ըրաւ կարեւոր նուիրատուութիւն մը: Այդ անձը խնամին էր Մղտեսեան եղբայրներուն, որոնք նոյնպէս կարեւոր նուիրատուութիւն մը ըրին օրին: Նմանապէս պէտք է յիշեմ Աշոտ Տէր Մինասեանը, Միսաք Սեւաչերեանը, Մկրտիչ Մոսիկեանը եւ Բիւզանդ Կռանեանը, որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս կարեւոր դեր կատարեցին: Աւելցնեմ, որ 1968ին, Ալեք Մանուկեան «Մեսրոպեան» այցելելով՝ 5000 տոլար նուիրեց եւ յետագայ տարիներուն եւս շարունակեց նուիրել այդ գումարը: Իսկ աւելի ուշ, ես այցելեցի Փորթուկալ, «Կիւլպէնկեան» հաստատութենէն նիւթական օգնութիւն ապահովելու նպատակով: Այդ առթիւ, «Կիւլպէնկեան»ի գործավար Վահրամ Մաւեանէն ստացանք 60,000 տոլար, որուն շնորհիւ վարժարանը օժտուեցաւ համակարգիչներու բաժինով եւ գիտական տարրալուծարանով (laboratory), որոնք մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Անցած 50 տարիներուն, «Մեսրոպեան»ը տուաւ առատ հունձք, որ ուսանեցաւ, քոլեճներ ու համալսարաններ աւարտեց եւ դիրքերու տիրացաւ կեանքի զանազան ասպարէզներու մէջ: Այսօր, անոնք «Մեսրոպեան»ի հետ որեւէ առնչութիւն ունի՞ն, կ՛օգնե՞ն, կը հետաքրքրուի՞ն։
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- «Մեսրոպեան»ի մեր աշակերտներէն շատերը ներկայիս, ըլլայ մեր ազգային, կազմակերպական, կրթական ու մշակութային կեանքին թէ զանազան ասպարէզներու եւ մասնագիտութիւններու՝ բժշկութեան, փաստաբանութեան, կալուածային առեւտուրի ճամբով, կը գործեն հայ համայնքին մէջ: Յառաջացած տարիքիս բերումով, դժուար է ինծի համար յիշել անոնց անունները այստեղ: Սակայն կրնամ վստահ ըսել, որ յատկապէս Մոնթեպելլոյի եւ շրջակայ արուարձաններուն մէջ ապրող անոնց զաւակներն ու թոռները նոյնպէս աշակերտած են եւ այսօր եւս կ՛աշակերտեն Մեսրոպեան վարժարանին:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչպէս են ձեր կապերը դպրոցի տնօրէնութեան հետ:
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Որպէս հիմնադիր տնօրէն, «Մեսրոպեան»ի գոյատեւումը իմ միտքիս ու սիրտիս մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ: Ես կտակ մը պատրաստած եմ «Մեսրոպեան»ին համար, ըստ որուն՝ «Մեսրոպեան»ի աւարտական դասարանի այն աշակերտները, որոնք բարձրագոյն նիշեր կը բերեն հայերէն եւ անգլերէն լեզուներուն, հայոց պատմութեան եւ թուաբանութեան մէջ, պիտի օգտուին այդ կտակէն: Բացի ասկէ, ես միշտ կապի մէջ եմ դպրոցի այժմու տնօրէն Դաւիթ/Տէյվիտ Ղուկասեանի հետ, որ իմ աշակերտս եղած է եւ որուն տնօրէն նշանակուելէն կարճ ժամանակ ետք արդէն իսկ դպրոցի աշակերտութեան թիւը սկսած է նկատելիօրէն բարձրանալու: Տէյվիտը բարձրագոյն ուսումով օժտուած, համեստ, գիտակից, իր պաշտօնի պահանջներուն գծով լիարժէք կարողութիւն ցուցաբերող տնօրէն մըն է, որ արժանի է ամէն գնահատանքի: Ես հպարտ եմ Դաւիթով, կը հիանամ իրեն վրայ, իր նկատմամբ կը տածեմ հայրական զգացումներ: Շատ շնորհակալ եմ իրեն, եւ իմ միջոցներովս՝ նիւթապէս թէ բարոյապէս, սատար պիտի կանգնիմ իրեն, որպէսզի «Մեսրոպեան»ը յաջողութեամբ շարունակէ գոյատեւել եւ իրագործել ազգանուէր իր առաքելութիւնը: Շնորհակալ եմ խնամակալ մարմինին, որ մօտէն գործակցելով տնօրէնութեան հետ՝ կը սատարէ «Մեսրոպեան»ի գոյատեւման ու յառաջդիմութեան: Շատ ուրախ եմ նաեւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը այսօր օժտուած է լաւ, բանիմաց ուսուցչական կազմով: Մանաւանդ ուրախ եմ, որ այս գաղութի երաժշտական, ազգային եւ կրթական կեանքին մէջ արդիւնաւէտ, բարի համբաւ կերտած, լաւ անուն թողած Էտի Հօշարեանի զաւակը՝ երիտասարդ, օժտեալ երաժիշտ-խմբավար Կրեկ Հօշարեանը, որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ կը պարապի Մեսրոպեան վարժարանէն ներս:
Նմանապէս ուրախ եմ, որ անցեալ տարի «Մեսրոպեան»էն խումբ մը աշակերտներ, Հայաստան այցելութեան առիթով այցելած են նաեւ Արարատի մարզի Բաղրամեան գիւղի 580 աշակերտ ունեցող միջնակարգ դպրոցը, որուն բարերարն եմ ես, եւ որ կը կրէ իմ անունը՝ «Թորգոմ Փօսթաճեան դպրոց»: Այդ առթիւ, դպրոցի մուտքին զետեղուած է նշանատախտակ մը՝ Մեսրոպեան-Թորգոմ Փօսթաճեան զոյգ դպրոցները յայտարարելով քոյր վարժարաններ: 90ամեայ իմ տարիքիս, ինծի համար չկայ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի այս երկու դպրոցներուն այնքա՛ն խորհրդանշական իմաստ ունեցող միասնութիւնը։
Կ՛ուզեմ նաեւ յայտնել, որ իբրեւ սան Կիլիկեան Աթոռի Դպրեվանքի, ուր ստացած եմ կրօնական դաստիարակութիւնս, կտակիս մէջ նկատի առած եմ նաեւ նիւթական յատկացումներ Դպրեվանքին, Ս. Էջմիածինին եւ Թորգոմ Փօսթաճեան դպրոցին:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ.- Շա՛տ գեղեցիկ: Վերադառնալով «Մեսրոպեան»ին՝ պր. Փօսթաճեան, ի՞նչ կ՛ուզէիք ըսել Շաբաթ, Փետրուար 20ին, Մեսրոպեան վարժարանի 50ամեակին առթիւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ճաշկերոյթ-հանդիսութեան կապակցութեամբ:
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ.- Կը փափաքիմ, որ Մոնթեպելլոյի հայութիւնը, մանաւանդ «Մեսրոպեան»ի աշակերտներս, որոնք այսօր զաւակներու եւ թոռներու տէր են, Փետրուար 20ին, անպայմա՛ն, խուռներամ դիմեն «Բաղրամեան» սրահ, Մեսրոպեան վարժարանի 50ամեակի փառաւոր հանդիսութեան ներկայ ըլլալու եւ միասնաբար տօնելու այս պատմական պահը՝ նիւթապէս թէ բարոյապէս զօրավիգ դառնալով իրենց սիրելի վարժարանին: