Ն. ՖԸՆՏԳԵԱՆ
Սիրելի ընկերներ,
Դժբախտաբար, բառին իրական ըմբռնումով վարժարան մը չունինք։ Ունեցածնիս, մեր համայնքին պատիւ բերելէն հեռու, վարժարանի տպաւորութիւն չունեցող բան մըն է։
Միասին մտնենք վարժարանէն ներս. սրահին մէկ անկիւնը խառնիխուռն դիզուած քառակուսի՝ ճաշի երկար ու կարճ սեղաններ՝ մոմլաթով պատած ու ամէն չափի ու ձեւի աթոռներ անոնց վրայ։ Ու դժբախտաբար անոնց մեծ մասը մեր սեփականութիւնը չէ ու վստահաբար տրամադրած է պրն. Մահտեսեան։
Անհրաժեշտ է որ ամէն դասաժամէ առաջ դպրոցական խորհուրդի ատենապետ Մ. Մոսիկեան եւ Ալ. Յովհաննիսեան այնտեղ ըլլան, որպէսզի զանոնք աշակերտներու օգնութեամբ դասարաններուն մէջ շարեն, դասաժամէն ետք վերստին հաւաքեն։ Դասարաններուն մեջ ուսուցիչներուն համար ոչ ամպիոն մը ու ոչ իսկ սեղան եւ աթոռ մը կայ։ Պատերը բոլորովին լերկ՝ ոչ քարտէս, ոչ համրիչ ու ոչ իսկ Ս. Մեսրոպի դիմանկարն ու հնարած տառերը։ Երեք դասարաններուն մէջ ալ դպրոցական միակ իրը՝ փոքրագոյն սեւ գրատախտակ մըն է, այն ալ առանց գիծերու, որ խիստ կարեւոր է գեթ Ա. դասարանին համար։
Ինչո՞ւ այս տխուր պատկերը։
Որովհետեւ, հակառակ մեր լուսաւորեալ դարու մէջ ապրելու եւ գրագէտ ըլլալուն ու մանաւանդ մեր բարեկեցիկ կեանք վայելելուն, դեռեւս իմաստութիւնը չենք ունեցած սեփական շէնք մը ունենալու, որուն ճակատին ոսկեգոյն երկաթագիրերով բեւեռուած ըլլար՝ «Լոս Անճելըսի Հայ Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան» վերտառութիւնը եւ մենք հարկադրուած չըլլայինք մայր կատուի պէս ատեն-ատեն մեր տղաքը մէկ օտար սրահէն ուրիշ օտար սրահ մը տանելու։ Մինչ մեր անգրագէտ, աւուր հացի կարօտ, տարուան առնուազն վեց ամիսը բոկոտն կամ ծակ տրեխներով շրջող հայրերը, խաւարի տիրակալութեան շրջանին, ամէն գիւղի մէջ ունէին իրենց սեփական Ազգային Հայկազեան, Մեսրոպեան, Լուսաւորչական եւ այլն, եւ այլ վարժարանները, իրենց սեփական տուներէն աւելի ամրակուռ։
Ու ահա ճիշդ այդ պատճառով, մեր դպրոցը այս տարեշրջանին բացուեցաւ որոշեալ ժամանակէն մէկուկէս ամիս յետոյ՝ Հոկտեմբերին եւ քանի մը հայ աշակերտներ այս տարի եւս հարկադրուեցան յաճախել հայ մշակութային տան դպրոցը։ Հակառակ այս աննպաստ պայմաններուն ունեցանք թիւի զգալի յաւելում մը. անցեալ տարուան թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է։ Մատեաններու մէջ արձանագրուածներու թիւն է 78. Ա. դասարան՝ 35, Բ. դասարան՝ 21, Գ. դասարան՝ 23։ Կը կարծուի, որ տօներէն ետք աշակերտներուն թիւը քիչ մըն ալ աւելնայ։ Առաջին այցելութեանս Ա. դասարանին մէջ անձամբ հաշուեցի 41 հոգի, յաջորդ անգամներուն այդ թիւը կը տատանէր 30-35ի միջեւ։
Ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ որակեալ ուսուցիչներէ, որոնք նուիրուած կերպով կը ջանան բան մը սորվեցնել աշակերտներուն. ատոր փոխարէն ստանալով նուազագոյն վարձատրութիւն՝ 50ական տոլար ամսական։
Նկատի ունենալով աշակերտներու թիւի աստիճանական յաւելումը, պէտք է ըսել, որ ուսուցիչներու թիւը անբաւարար է. անհրաժեշտ է առնուազն օգնական ուսուցչուհի մըն ալ կամ ժամերու յաւելում՝ Ա. դասարանի մանկապարտէզային տարիքի աշակերտները բաժնելու համար։
Իրենց նախապատրաստութեամբ ու նաեւ տարիքներով անհամապատասխան են նաեւ Գ. դասարանի աշակերտները, եւ ուսուցիչը հարկադրուած է զանոնք բաժնել երեք խմբակներու՝ 9, 8 եւ 6 աշակերտներով։ Ակներեւ է, որ շաբաթական մէկ անգամ պարապմունքը խիստ անբաւարար է, ու պէտք է մտածել այդ ուղղութեամբ։
Աշակերտներու թիւի յաւելումը, անտարակոյս, հետեւանք է հանրակառքի սպասարկութեան։ Ինչպէս գիտէք, դպրոցական կառք մը գնելու համար կազմակերպուած էր մասնակի հանգանակութիւն մը, որմէ գոյացած էր մօտ 2500 տոլար։ Կառքին վճարուեցաւ 1700 տոլար, շէնքին կը վճարուի ամսական յիսուն տոլար։ Անհրաժեշտ պակասը գոյացնելու համար դպրոցական խորհուրդը ծնողներու ներկայացուցիչներուն հետ համախորհուրդ՝ որոշեց իւրաքանչիւր մէկ աշակերտ ղրկող ծնողէ գանձել ամսական 3 տոլար, երկու աշակերտէ՝ 4 տոլար, իսկ երեք կամ աւելի աշակերտներ ղրկող ծնողներէն՝ ամսական 5 տոլար։ Բացի այդ, որոշուած է Փետրուարի ընթացքին դպրոցի օգտին կազմակերպել ձեռնարկ մը՝ պատրաստուած մեծերու կողմէ եւ տարեվերջին՝ աշակերտական հանդէսը։
Դպրոցական խորհուրդը կը խնդրէ բոլոր կոմիտէներէն եւ ՀՕՄէն՝ թօթափել նախկին անտարբերութիւնը դպրոցական հանդէսներու վերաբերեալ։
Դպրոցական խորհուրդի գրեթէ բոլոր անդամները իւրացուցած են դպրոցի սեփական շէնք մը ունենալու ծրագիրը եւ այդ ուղղութեամբ փնտռտուքներ կը կատարուին։
Ապագային նոր բարդութիւններու առաջ կանգնած չըլլալու մտահոգութենէն դրդուած, օգտուելով պատեհութենէն, կ՛առաջարկեմ, որ վարչութիւնը զայս տեղեկացնէ քոյր կոմիտէներու վարչութիւններուն ու մէկուսիին, որպէսզի հաւաքաբար յարմարագոյն լուծում մը ունենայ այս կարեւոր գործը։
Դեկտեմբեր 1959
(Ձեռագիր փաստաթուղթ)