Հայոց պատմութենէն դրուագներ ներկայացնող «Նուռ» օփերան, որուն հեղինակներն են Նաթալի Կարիպեան եւ Ֆապրիս Լըլոն, արժանացած է «Երաժշտական ուսման» մրցանակին:
Այս մրցանակները, որոնք հաստատուած են Երաժշտական գործեր հրապարակողներու ֆրանսական արհեստակցական միութենական պալատին (CEMF) կողմէ, կը պարգեւատրէ Ֆրանսայի երաժշտական դպրոցներուն եւ երաժշտանոցներուն մէջ՝ երաժշտութեան զարգացման նպաստող նախաձեռնութիւններ:
Այս տարի, երկրորդ անգամն ըլլալով կը յանձնուէին «Երաժշտական ուսման» մրցանակներ, որոնք կը վարձատրէին 2014-15 տարեշրջանին տարբեր ճիւղերու՝ խմբագրական աշխատանքի, երաժշտութեան խանութներու, ճարտարագիտական նորարարութիւններու, երաժշտական ստեղծագործման եւ ներկայացումներու վերաբերող ծրագիրներ: