ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 2015ին հայկական զինուած ուժերը ունեցած են 57 կորուստներ:
«Հաշուի առնելով դաշտում հնչող տարատեսակ թուերը, երբեմն դրանց յանիրաւի շահարկումը, որոշեցինք ներկայացնել Զինուած ուժերում 2015թ. գրանցուած մահերը՝ ըստ պատճառների: Տուեալները ամփոփուած են հաշուի առնելով նաեւ քննութեան գործընթացները, յստակ որակումները եւ այլն», նշած է ան:
Ըստ Ա. Յովհաննիսեանի՝ 2015ին Հայաստանի զինուած ուժերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած է զինուորական ծառայութիւն կատարած ատեն մահացած 57 պարագայ, որոնց հիմնական պատճառներն են՝ հակառակորդին կողմէ շփման գիծին մէջ սպանութիւնները (արձակազէններու կրակոցներ, ներթափանցման եւ այլ գործողութիւններ)՝ 38 մահ, ինքնաշարժի արկած՝ 2, հիւանդութիւն՝ 2, սպանութիւն՝ 1, անձնասպանութիւն եւ անձնասպանութեան հասցնելու դէպքեր՝ 6, դժբախտ պատահարներ՝ 4, մարտական ծառայութիւն ընելու կանոններու խախտման հետեւանք՝ 3, ականի պայթում՝ 1։