ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 6ԻՆ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարի գրասնեակը կը տեղեկացնէ, թէ Մեքսիքացի-ամերիկացի իրաւաբանական միութեան քաղաքական հարցերու յանձնախումբը որոշած է զօրակցիլ Քասախեանի ընտրապայքարին։
«Վստահ ենք, որ Քասախեան Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ պիտի պաշտպանէ նահանգի միլիոնաւոր ընտանիքներուն եւ ներգաղթածներուն իրաւունքները, որովհետեւ ան զաւակը կը հանդիսանայ Քալիֆորնիա ներգաղթած ընտանիքի մը»։
Քասախեանի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու որոշում տուած է նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Մեթ Տապապնէ՝ վստահեցնելով, որ ան լաւագոյն թեկնածուն է Մայք Կաթոյի աթոռը ստանձնելու։
Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարի գրասենեակը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ թեկնածուն իր ընտրապայքարին համար դրամահաւաքի վերջին ժամանակահատուածին կրցած է 154,000 տոլար եւս ապահովել՝ ցարդ իր ընտրապայքարին համար ապահոված ընդհանուր գումարը հասցնելով 470,000 տոլարի։
Քասախեան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք կը զօրակցին իր ընտրապայքարին։ Ցարդ, անոր ընտրապայքարին նուիրատուութիւններ կատարուած են աւելի քան 600 անհատներու կողմէ։
Յայտնենք, թէ Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարի կեդրոնին բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 6ին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2 երկարող ձեռնարկով մը։ Ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Ընտրապայքարի կեդրոնին հասցէն է՝ 900 W. Glenoaks Blvd., Unit H, Glendale, CA 91202։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
Ardy@ArdyforAssembly.com հասցէին կամ (818) 856-0955 թիւին։
Քասախեան թեկնածու է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Յունիս 7ին: Ան արդէն իսկ յատկանշական թիւով քաղաքական գործիչներու եւ կազմակերպութեանց աջակցութիւնը կրցած է ապահովել։
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան՝ Կլենտէյլ, Պըրպենք, Լոս Ֆելիզ, Լա Քընիատա, Լա Քրեսենթա եւ Մոնթրոզ քաղաքները, ինչպէս նաեւ՝ Լոս Անճելըսի Էթուաթըր Վիլեճ, Արեւելեան Հոլիվուտ, Ֆրենքլին Հիլզ, Հոլիվուտ Հիլզ եւ Սիլվըր Լէյք շրջանները: Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարին նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար, այցելել
www.ArdyforAssembly.com կայքը: