ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ:
Հանդիպման մասնակիցները զրու-ցած են երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր հարցերու շուրջ, քննարկած են համագործակցութեան խորացման ուղիները, միջազգային կառոյցներուն մէջ գործակցութեան սերտացումը, տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներ: Անոնք անդրադարձած են ԵԱՀԿի օրակարգային հարցերուն, միջազգային ու տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու՝ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան պայքարին, Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումներուն, սուրիական ճգնաժամի կարգաւորման ուղիներուն:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի եռանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս պարունակին մէջ, Էդուարդ Նալբանդեան զրուցակիցին ուշադրութեան յանձնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ընդառաջ Պաքուի կողմէ հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի սրման սադրայքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.