ՍԻՆՃԱՐ, Իրաք, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13ին, Իրաքի քրտական ուժերը, ամերիկեան օդուժին եւ եզիտի կամաւորներու աջակցութեամբ, սկսած են մուտք գործելու հիւսիսային Իրաքի Սինճար քաղաքի կեդրոնը՝ այդտեղէն հեռացնելով «Իսլամական պետութեան» զինեալները: Սինճար քաղաքն ու շրջանի լեռնային տարածքները ազատագրել միտող սոյն գործողութեան մասնակցութիւն կը բերեն մօտաւորապէս 7500 քիւրտ զինեալներ, որոնց յաջորդ թիրախները պիտի ըլլան Ռամատի եւ Մուսուլ քաղաքները։
«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ բրիտանական ուժերը եւս քրտական ուժերուն օժանդակած են այս գործողութեան ընթացքին:
Նշենք, որ Սինճարը, որ Իրաքի եզիտիներու հիմնական կեդրոնատեղին է, անցեալ տարի գրաւուած էր «Իսլամական պետութեան» կողմէ, որուն զինեալները հարիւրաւոր եզիտիներ սպաննեցին եւ հազարաւոր եզիտիներու տեղահանութեան պատճառ դարձան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.